ԱՆԻ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հնդկաստանի մէջ առնուազն ինը մարդ զոհուած է եւ աւելի քան տասը ուրիշներ վիրաւորուած են` շէնքի մը մասնակի փլուզման պատճառով:
Դէպքը տեղի ունեցած է Հնդկաստանի Փունա քաղաքէն ոչ հեռու:
Գործակալութեան տեղեկութեամբ` խօսքը կը վերաբերի կառուցուող շէնքի մը մասնակի փլուզման: Պատահարին պատճառները յայտնի չեն: