Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Նախագահ Ընտրուելու Պարագային Խրիմի` Իբրեւ Ռուսիոյ Մէկ Մասը Ճանչնալը Հաւանական Կը Նկատէ

Յուլիս 29, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Trump_72516«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Փոլիթիքօ»-ն, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ 27 յուլիսին Ֆլորիտայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելու պարագային Խրիմը պիտի ճանչնայ իբրեւ Ռուսիոյ մէկ մասը:

Բացի ատկէ, Թրամփ նշած է, որ եթէ ինք պետութեան ղեկավար դառնայ, ապա Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուին, «որովհետեւ անոնք աւելի վատ չեն կրնար ըլլալ»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նոյն օրը Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամներուն կոչ ուղղած էր վախնալու Տանըլտ Թրամփէն եւ չթերագնահատելու զինք:

«Ես կը կարծեմ, որ սարսափելի է, երբ նախագահը անհրաժեշտ գիտելիքներ չունի եւ, կարծես, նոյնիսկ հետաքրքրուած ալ չէ զանոնք ստանալու», յայտարարած էր Օպամա:

Թրամփ Պաշտպանած Է Ռուսիոյ Հետ
ՏԱՀԵՇ-ը Ջախջախելու Գաղափարը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի քննարկէ ՏԱՀԵՇ-ը ջախջախելու նպատակով Ռուսիոյ հետ ջանքերը միաւորելու գաղափարը:

«Եթէ մտածենք այդ մասին, արդեօ՞ք հիանալի չէր ըլլար համերաշխ յարաբերութիւններ հաստատել Ռուսիոյ հետ: Արդեօ՞ք հիանալի չէր ըլլար միաւորուիլ Ռուսիոյ հետ եւ միասնական հարուածով վերջ տալ ՏԱՀԵՇ-ին», հռետորական հարցում ուղղած է ան:

19 յուլիսին բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթին եւ իտալական «Քորրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթերուն մէջ Թրամփ վստահութիւն յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու վերականգնումը օգտակար պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի համար:

Թրամփ Չի Բացառեր Նախագահ Ընտրուելուն Պարագային
Միացեալ Նահանգներու` Առեւտուրի
Համաշխարհային Կազմակերպութենէն Դուրս Գալը

«Կազեթա.ռու»` մէջբերելով ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի հարցազրոյցը, կը հաղորդէ, որ Թրամփ չէ բացառած, որ ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրելու պարագային Միացեալ Նահանգներ կրնան դուրս գալ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կազմէն:

Հարցազրոյցի ընթացքին ամերիկացի լրագրողը նկատել տուած է, որ ամերիկեան շուկային մէջ գործող ընկերութիւններուն համար Թրամփի առաջարկած շարք մը հարկերը կրնան մերժուիլ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ: «Այդ ժամանակ մենք կրկնակի բանակցութիւններ պիտի վարենք կամ դուրս պիտի գանք», յայտարարած է Թրամփ:

Տանըլտ Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի պայքարի Չինաստանի «դրամանշային խարդախութեան» դէմ:

 

 

Նախորդը

Պաղեստինի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Բրիտանիա Պէտք Է Սրբագրէ Մեր Ժողովուրդին Հասած Պատմական Անիրաւութիւնը»

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Լեհաստանի Մէջ Պատարագի Ժամանակ Ինկած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?