«Փանարմինիըն»` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի իշխող Ենի Ազրպէյճան կուսակցութեան գործադիր քարտուղարի տեղակալ Սիյավուշ Նովրուզով 21 յուլիսին յայտնած է, որ 2016-ին Ազրպէյճանի մէջ կը նախատեսուի սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէ կատարել:
Ազրպէյճանի մէջ կը նախատեսեն նախագահի լիազօրութիւններու ժամկէտը դարձնել 7 տարի` գործող 5 տարուան փոխարէն: Այդ մասին կարգադրութիւն մը ստորագրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` երկրի Սահմանադրական դատարան ուղարկելով հանրաքուէի մասին նախագիծը:
Նախագիծը կը կոչուի «Ազրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» օրէնք:
«Կը նախատեսուի Ազրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէն կատարել ընթացիկ տարուան մէջ: Երկրի նախագահին առաջարկը այժմ կը քննարկուի Սահմանադրական դատարանին մէջ, եւ ըստ դատարանի որոշումին պիտի սկսին համապատասխան պատրաստութիւնները», ըսած է Նովրուզ:
2013-ին Ալիեւ երրորդ անգամ ըլլալով վերընտրուեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ: Ատիկա կարելի դարձաւ սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու ճամբով: Իլհամ Ալիեւ Ազրպէյճանը կը կառավարէ 2003-էն ի վեր: Նախագահական պաշտօնին ան փոխարինեց իր հօր` Հայտար Ալիեւին: