Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ

September 24, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ եկեղեցւոյ աւանդութեան, Սուրբ Հռիփսիմեանց կոյսերը Դիոկղետիանոս (243-31) կայսեր կողմէ կը հալածուին, կու գան Հայաստան եւ կ՛ապաստանին Վարագայ լերան լանջին: Սուրբ Հռիփսիմէ իր վիզին կը կրէր Քրիստոսի խաչափայտէն մասունք մը, որ ստացած էր ժառանգաբար Կլաւտիոս կայսեր կնոջ` Պատրոնիկէ թագուհիին կողմէ:

Հայաստանի մէջ Հռիփսիմեանց կոյսերը հալածանքի կ՛ենթարկուին եւ այդ պատճառով ալ Սուրբ Հռիփսիմէն իր խաչը կը պահէ Վարագայ լերան մէկ քարայրին մէջ: Հայաստանի մէջ միշտ գիտէին, թէ այդ խաչը պահուած է Վարագայ լերան վրայ, բայց չէին գիտեր, թէ ո՛ւր:

653 թուականին այդ լերան վրայ իրենց ճգնութիւնը կ՛ընեն Թոդիկ ճգնաւորը եւ իր աշակերտ Հովելը` օրն ի բուն աղօթելով եւ խնդրելով Աստուծմէ, որ ձեւով մը Աստուած իրենց յայտնէ խաչին վայրը: Հայր Աստուած միշտ կ՛ուզէ իրեն հաւատացողներուն խնդրանքները իրականացնել. օր մը լոյսի տեսիլքով 12 սիւներու մէջտեղէն վեր կ՛անջատուի Սուրբ Նշանը` խաչը եւ կու գայ դէպի սուրբ խորանը, ուր կ՛աղօթէին երկու ճգնաւորները. նոյն ատեն կը լսուի ձայն մը, որ կ՛ըսէ. «Քրիստոս հաճեցաւ բնակիլ Սուրբ Խաչին մէջ` ի պահպանութիւն եւ փրկութիւն հայոց աշխարհին»:

Լուսեղէն սիւները 12 օրեր շարունակ կ՛երեւին Վարագայ լերան Գալիլիա կոչուող գագաթին վրայ, այնպէս մը, որ ամէն մարդ կրնար տեսնել զանոնք:

Հոգեւորականներ եւ իշխաններ, հայոց Ներսէս Գ. Տայեցի կաթողիկոսի եւ Ռշտունեաց Վարդ Ռշտունի  սպարապետի գլխաւորութեամբ կու գան Վարագ` Սուրբ Խաչին երկրպագելու: Ներսէս հայրապետը Սուրբ Խաչի երեւումը տօն կը հռչակէ, 12 լուսեղէն սիւներու երեւցած տեղը եկեղեցի կը շինէ, եւ ուր որ իջած էր Սուրբ Խաչը, կը մեծցնէ եւ աւելի փառաւոր կը կառուցէ: Այս առիթով կը գրուի նաեւ «Նշանաւ ամենայաղթ խաչիւդ քով Քրիստոս» շարականը եւ մինչեւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը կը սահմանուի հնգօրեայ շաբաթապահք, որ ժողովրդական լեզուով կը կոչուի «Վանեցիների»:

Վարագայ լերան գագաթին եւ ստորոտին կը հիմնուին Վերին եւ Ներքին եկեղեցիները, որոնցմէ աւելի ծանօթ է Ներքին Վարագավանքը, ուր ալ կը պահուէր խաչափայտի մասունքը մինչեւ 1021: Երբ Սենեքերիմ Արծրունին Վասպուրականի թագաւորութիւնը կը յանձնէ Բիւզանդիոնի եւ կը տեղափոխուի Սեբաստիա, իրեն հետ կը տանի նաեւ Սուրբ Նշանը, սակայն քիչ ետք, 1026-ին Սուրբ Նշանը կը վերադարձուի Ներքին Վարագավանք: 13-րդ դարուն, Աշոտ Դ. Բագրատունին Սուրբ Նշանին համար շինել կու տայ ոսկեայ տուփ մը եւ 1237-ին կը տեղափոխուի նոր Վարագավանք: Ասկէ ետք, 1651-ին կը տարուի Խոշաբ, 1653-ին կը դրուի Վանի Ս. Տիրամայր եկեղեցւոյ մէջ, որուն պատճառով ալ եկեղեցին կը վերանուանուի Սուրբ Նշան անունով: Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքը (1841-1918) իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ կը վկայէ, որ իր օրով Սուրբ Խաչը տակաւին կը մնար վանի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ, սակայն Մեծ եղեռնէն ետք անոր գտնուած վայրը անյայտ է:

Սուրբ Խաչին կը վերագրուին բազմաթիւ հրաշքներ, մանաւանդ` Եդեսիոյ համաճարակի ժամանակ, երբ Վարագայ Սուրբ Խաչի զօրութեամբ կանգ առած է համաճարակը:

Ագաթանգեղոսի վկայութեամբ, հայոց երկնակամարին վրայ լուսեղէն Սուրբ Խաչը երեւցած է նաեւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, ինչպէս նաեւ սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուղարկաւորութիւններուն ժամանակ, Վաղարշապատէն մինչեւ Օշական, ըստ Մովսէս Խորենացիի վկայութեան:

Վարագայ Սուրբ Խաչը կը տօնուի Խաչվերացէն 15 օր ետք, այսինքն` սեպտեմբեր 25-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1-ին զուգադիպող կիրակի օրը:

 

Նախորդը

Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐ

Յաջորդը

ՅՈՎՍԷՓ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։