Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. ԳԷՈՐԳ ԶՕՐԱՎԱՐ

September 24, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Գէորգ ծնած է Գ. դարուն, Կապադովկիոյ Մաժակ քաղաքին մօտ: Մանկութիւնը անցուց Պաղեստինի մէջ, ուր ծնողները ունէին բազմաթիւ կալուածներ: Մուտք գործեց զինուորական ասպարէզ, եւ իր ցուցաբերած քաջութեան եւ  հաւատարմութեան համար շուտով ստացաւ հազարապետութեան աստիճան, երբ տակաւին երեսուն տարեկան չկար: Դիոկղետիանոս չարաբարոյ կայսրը քրիստոնեաներուն դէմ հրապարակեց խիստ հրովարտակ մը, որուն մէջ յստակօրէն կ՛ըսուէր, թէ այն քրիստոնեաները, որոնք զոհեր չէին մատուցաներ չաստուածներու, չարաչար մահով պիտի մեռնէին:

Ս. Գէորգ հռոմէական բանակի յարգուած ու սիրուած զօրավարներէն մէկն էր: Երբ կայսրը անդրադարձաւ, թէ քրիստոնեաներուն թիւը օրէ օր կը շատնար, նոյնիսկ եթէ անոնք տակաւին բացայայտ ձեւով չէին յայտարարեր իրենց հաւատքը, հրովարտակով մը ժողովուրդը տեղեկացուց, թէ բոլոր անոնք, որոնք զոհ չեն մատուցաներ չաստուածներուն, մահապատիժի պիտի ենթարկուին: Հրովարտակը յստակօրէն կը մատնանշէր քրիստոնեաները, որոնցմէ մէկն էր կայսեր զօրավարներէն մէկը` Գէորգ զօրավարը:

Զօրավարը լաւ կը ճանչնար քրիստոնեայ համայնքը ու գիտէր անոր անդամներուն բարեպաշտ ու խաղաղասէր նկարագիրը: Յանդուգն որոշում մը տուաւ եւ հրապարակի մը վրայ կայսեր հրովարտակներէն մէկը վար առնելով` պատռեց, ըսել ուզելով, թէ քրիստոնեաները կը մերժէին դրժել իրենց հաւատքը: Դէպքը աննշան չմնաց, եւ անոր հետեւանքները եղան սարսափելի: Ոչ միայն զօրավարը ի՛նք չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք գլխատուեցաւ, այլ նոյնպէս` բոլոր անոնք, որոնք զօրավարին գերբնական դիմադրականութիւնը տեսնելով` դարձի եկան եւ քրիստոնէութիւնը ընդունեցին տեղւոյն վրայ: Անոնց շարքին էր նոյնիսկ կայսրուհի Ալեքսանտրան:

Ս. Գէորգի մարմինը տարին Պաղեստին` Դիոսպոլիս քաղաքը (Ռամլէ աւան): Հոն ասորիներու եկեղեցիին մէջ անոր նշխարները կը ցուցադրուէին մինչեւ ԺԳ. դար: Հոն կայ նաեւ հայկական եկեղեցի մը` Ս. Գէորգի նուիրուած:

Ս. Գէորգի մահէն ետք եւս բազմաթիւ հրաշքներ գործուեցան եւ բազմաթիւ եկեղեցիներ կառուցուեցան անոր անունով:

Ս. Ք.

Նախորդը

ՈՐՊԷՍԶԻ ՈՐԲ ՉՄՆԱՅ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ

Յաջորդը

ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։