«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած այն տեղեկութիւնը, որ ինք յայտարարած է, թէ Թուրքիան կրնայ մասնակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին, եթէ անոր ներդրումը ըլլայ կառուցողական, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար գոյութիւն ունին միջազգային մեքանիզմներ, մասնաւորաբար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը:
«Չեմ կրնար հասկնալ Հայաստանէն եւ Ազրպէյճանէն շարք մը լրագրողներու (ի հարկէ, ոչ բոլորին) դիրքորոշումը: Դուք կ՛ուզէք տագնապը յաղթահարե՞լ, թէ՞ խորացնել` ձեր ճաշակով լուրեր յօրինելով: Ատիկա վտանգաւոր զբաղում է», գրած է Զախարովա:
Ըստ անոր, ասուլիսի ընթացքին իրեն հարցուցած են Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակին մասին, «ինչ որ աւելի կը նմանէր քաղաքական մանիֆեստի, որ ստիպուած էի ընդհատել»:
«Բոլոր անոնց համար, որոնք կը փորձեն ապատեղեկատուութիւն տարածել եւ ապակայունացնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ իրավիճակը, անգամ մը եւս կը կրկնեմ. Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար գոյութիւն ունին միջազգային մեքանիզմներ, մասնաւորաբար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը», նշած է Զախարովա:
Ըստ անոր, միաժամանակ կարելի են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին որեւէ երկիր կրնայ քննարկել ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող որեւէ հարց: «Խնդիրը այն է, թէ որքա՛ն կառուցողական դեր կը խաղան այն երկիրները, որոնք լուծման հոլովոյթին մաս չեն կազմեր. կը փորձե՞ն արդեօք նպաստել լուծման», գրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` կոչ ուղղելով չենթարկուելու սադրանքներու, ներառեալ` տեղեկատուական:
«Թուրքիոյ, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Մէջ
Իրավիճակները Ոչ Մէկ Հասարակաց Հիմք Ունին»
«Փանարմինիըն» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 21 յուլիսին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ իրավիճակները ոչ մէկ հասարակաց հիմք ունին:
ԱՌԿԱ կը հաղորդէ, որ Զախարովա` պատասխանելով ազրպէյճանցի լրագրողի մը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին ղարաբաղեան տագնապի լուծման վրայ ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումին, ըսած է. «Մենք մեկնաբանած ենք յիշատակուած երկիրներէն իւրաքանչիւրին մէջ իրավիճակը, երբ ատիկա անհրաժեշտ եղած է»:
Նոյն ատեն, ըստ Զախարովայի, ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը անմիջական կապ ունի այն ամէնին հետ, ինչ որ կը կատարուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ:
«Մենք կ՛առաջնորդուինք այն մտայնութեամբ, որ ջանքերը, որոնք այժմ ի գործ կը դրուին ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ, ներառեալ` Ռուսիոյ կողմէ, մաս կը կազմեն հոլովոյթի մը, որ շատ աշխուժ սկսաւ եւ պիտի չկորսնցնէ իր ընթացքը: Յոյսով ենք, որ անիկա իրապէս կը ծառայէ յառաջխաղացման», ըսած է Զախարովա:
Ըստ անոր, ղարաբաղեան տագնապի լուծումը եւ այն խթանը, որ տրուեցաւ, ներառեալ` Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան մասնակցութեամբ, պէտք չէ դադրի: