Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 21, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել փամփուշտի ձայնով եւ սպանութեամբ, այլ` քաղաքականութեամբ եւ խաղաղ միջոցներով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ պետական ամավարկը երկրին վերաբերող ելեւմտական որեւէ հարցի լուծման անկիւնաքարն է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է պատրաստէ պետական ամավարկը եւ զայն փոխանցէ խորհրդարանին:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր ձերբակալուած սուրիացի քաղաքացի մը ամբաստանեց Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մաս կազմելու, ականներ եւ զինամթերք ունենալու, ինչպէս նաեւ բանակայիններ առեւանգելու յանցանքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ կարելի չէ համայնքային խտրութեան, ատելութեան եւ դասակարգային տարբերութեան հիման վրայ պետութիւն մը կառուցել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալի Քանսօ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան ներկայ քաղաքական դասակարգը սնանկացած է եւ անկարող: Ան աւելցուց, թէ այդ դասակարգը ունի արտաքին պայմանաւորուածութիւն, որ կ՛անտեսէ ազգային գերիշխանութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը համաձայնութեան կարիք չունի, որովհետեւ անիկա սահմանադրական հարց է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան: Ան շեշտեց, որ նախագահական աթոռին կարեւորութիւնը անոր թափուր չմնալուն մէջ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ինք մինչեւ վերջ պիտի հետապնդէ ելեկտրականութեան թղթածրարին հարցը` աւելցնելով, որ խորհրդարանին պիտի առաջարկէ նաեւ հետաքննութեան յանձնախումբ մը կազմել այդ գծով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր մաղթեց, որ Լիբանան իր հանրապետութեան նախագահը ունենայ, նախքան Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը: Շորթըր նշեց, թէ Լիբանան չի կրնար նախագահական թափուր աթոռով երկար դիմանալ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, մազութը` 200 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 200 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ իրենք կը շարունակեն զօրակցիլ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն է, որ կը խոչընդոտէ խորհրդարանի օրինաթիւի գոյութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ տնտեսական մակարդակի վրայ Լիբանան դարձած է ոչ արդիւնաբեր երկիր մը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ապօրինի համացանցի թղթածրարին «հիմնական հերոս»-ը հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆն է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, որ կը վերաբերի քարիւղի թղթածրարին, կրնայ դրսեւորուիլ նաեւ նախագահական ընտրութեան առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ մեկնեցաւ Ռիատ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Ռմբակոծած Է Հիւսիսային Իրաքի Մէջ ՔԱԿ-ի Դիրքերը

Յաջորդը

Քանաան. «Զօր. Աուն Կ՛առաջարկէ Բարեկարգումի Յեղափոխութիւն Մը, Եւ Զայն Նախագահ Ընտրելը Բոլորին Պատասխանատուութիւնն Է»

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?