Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՊԱՄԱ – ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

September 23, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը գրէ, որ Սպիտակ տան ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը:

Նիւ Եորքի Վոլտորֆ Ասթորիա պանդոկին մէջ տեղի ունեցած 1.5 ժամնոց հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Էօմեր Չելիք եւ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են Սուրիոյ, Լիպիոյ, Միջերկրական ծովուն մէջ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ պայքարին եւ Թուրքիոյ մէջ  ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանէն տարրերու տեղակայման առնչուող հարցեր:

Նշենք, որ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը երեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի 66-րդ նստաշրջանի աւարտէն առաջ իր տարածքին մէջ ամերիկեան հակահրթիռային վահանի տեղադրման համաձայնագիրի գործադրութիւնը պիտի չարտօնէ: Ըստ օրաթերթին, այս հարցով վերջնական որոշումը պիտի տրուի Նիւ Եորքի մէջ Օպամայի եւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ Էրտողանի հանդիպումներէն ետք: Ամերիկեան կողմը խնդրած էր համաձայնութիւնը անմիջապէս գործադրել:

 

 

Նախորդը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՍՈՒՐԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Յաջորդը

ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։