Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԼԻԱԳՈՒՄԱՐ ՆԻՍՏԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

September 23, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խորհրդարանի լիագումար նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որ վաւերացուց ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը, որուն գործադրութեան շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել ելեկտրական հոսանքին տագնապը` լուսաւորելով Լիբանանը եւ լիբանանցիներուն տուները:

Խորհրդարանը վաւերացուց կառավարութեան վաւերացուցած ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը, որուն վերաբերեալ բարեփոխումներ առաջարկուած էին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:

Ծրագիրի այդ տարբերակը, որուն մասին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն վերապահութիւն արձանագրեց, վաւերացուեցաւ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ:

Նշենք, որ երեսփոխան Քազեմ Խէյր այդ ծրագիրին դէմ քուէարկեց` նշելով, որ այդ ծրագիրին գործադրութեան պատճառով կենսոլորտային մեծ ապականումներ կրնան յառաջանալ:

Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ նախքան խորհրդարանի լիագումար նիստին սկսումը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ զօր. Միշել Աուն դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին խորհրդարանին առաջադրուելիք ծրագիրին տարբերակը:

Խորհրդարանին կողմէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումէն ետք զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց լիբանանցիները` տասնեակ տարիներէ ի վեր զիրենք տանջող տագնապը լուծելու ծրագիր մը ունենալնուն համար: Ան մաղթեց, որ այլեւս այս ծրագիրին գործադրութիւնը արգելակող խոչընդոտներ չզետեղուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ուրախ աւարտի մը հասնիլ:

Անդրադառնալով բոլոր անոնց, որոնք յայտարարած էին, թէ լիբանանցիները իրենց կը պարտին ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիր մը մշակելու նուաճումը, զօր. Աուն շնորհաւորեց նաեւ զանոնք` շեշտելով, որ այդ մէկը բոլոր լիբանանցիներուն յաղթանակն է` ընդգծելով միաժամանակ, որ յստակ է, թէ այդ ծրագիրը ո՛վ մշակեց եւ ո՛վ պայքարեցաւ, որ այդ ծրագիրը հասնի կառավարութեան ու խորհրդարանին եւ ստանայ անոնց վաւերացումը:

Միւս կողմէ, քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշի կողմէ ներկայացուած այն օրինագիծը, որուն հիման վրայ, եթէ Պետական շաուրայի թիւ 93 օրէնքը բարեփոխումի ենթարկուի, ապա Ֆաթթուշ ընտանիքը լիբանանեան պետութենէն կը ստանայ 225 միլիոն տոլար` իբրեւ քարահանքերու հատուցում:

Այս օրինագիծին ծիրին մէջ բռնկեցաւ լարուածութիւն մը նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆարիտ Հապիպի միջեւ, որոնք իրարու հասցէին վարկաբեկիչ յայտարարութիւններ կատարեցին եւ օրինագիծը վերստին յանձնուեցաւ կառավարութեան:

Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ չորս այլ օրինագիծեր, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր հանրութեան ցամաքային փոխադրութեամբ զբաղող վարորդներուն ամսական դրութեամբ 12,5 թիթեղ պենզինի համազօր գումարի տրամադրման:

Վաւերացուած երկրորդ օրինագիծը կը վերաբերէր լիբանանեան բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն, ընդհանուր ապահովութեան եւ մաքսատան հսկող սպաներուն աստիճանի բարձրացում շնորհելուն, երրորդ օրինագիծին հիման վրայ որոշուեցաւ նոր բանտեր կառուցել, իսկ չորրորդ օրինագիծը կը վերաբերէր բանտին մէջ բարի վարք վայելող արգելափակեալներուն պատիժը նուազեցնելու կարելիութիւններ ստեղծելուն:

 

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՍՕՐ ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՄԻՋՄԱՐՈՆԻԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Յաջորդը

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐ – ՍԱԼԵՀԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։