Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարկուտէն Տուժած Բնակիչները Փոխհատուցում Պիտի Ստանան

Յուլիս 15, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lokian_71416

14 յուլիսի կառավարութեան նիստին Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան ներկայացուցած է որոշում, որուն ընդունումը պայմանաւորուած է վերջին տասնօրեակին Հայաստանի ամբողջ տարածքով, յատկապէս Արմաւիրի, Արագածոտնի, Լոռիի, Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մէջ տեղի ունեցած բնական աղէտներով:

«Վերջին 4 օրերուն նախարարական խումբին եւ ձեր կողմէ այցելութիւններ տրուեցան Արագածոտնի, Շիրակի, Լոռիի եւ Կոտայքի մարզեր: Փուլային ձեւով կառավարութեան ներկայացուած է 104 միլիոն դրամի յատկացումի մասին որոշում, որուն 27 միլիոն 400 հազար դրամը պիտի տրամադրուի Արագածոտնի մարզի շուրջ 20 բնակիչներու երդիքներու մասնակի վերականգնման, մշակոյթի տան տանիքի եւ դպրոցի մարզական դաշտի վերանորոգման համար: Երէկուան այցելութիւններուն իբրեւ արդիւնք, բնակիչներուն պահանջով, գիւղատնտեսական մեծ կեդրոն նկատուող շրջաններուն համար նախատեսուած է հակակարկտային կայաններու տեղադրում. ասիկա հիմնականին մէջ եղած է գիւղացիներուն պահանջը, որ այսօր կը լուծուի», ըսած է Դաւիթ Լոքեան:

Ան դիտել տուած է, որ կիրակի օրուան հեղեղին ու կարկուտին պատճառով Արմաւիրի մարզի 20-է աւելի շրջաններ ամբողջութեամբ կորսնցուցած են իրենց պաշարները, եւ կրկին բնակիչներուն պահանջքով անոնց պիտի յատկացուին 22 հակակարկտային սարքեր, որոնք պիտի տեղադրուին տուեալ շրջաններուն մէջ: Ըստ նախարարին, յանձնարարական կայ, որ այդ խնդիրներուն լուծումը փուլային ձեւով իրականացուի, որպէսզի օժանդակութիւնը հասցէական դառնայ: Յաջորդ փուլին պիտի ներկայացուի Արմաւիրի մարզին մէջ քամիին իբրեւ հետեւանք յառաջացած խնդիրներու վերացման հարցը: Ներկայիս կը սերտուին Գեղարքունիքի մարզի համայնքներու, Կոտայքի մարզի Քաղսի եւ Պռոշեան համայնքներու խնդիրները:

Դաւիթ Լոքեան ներկայացուցած է նաեւ 13 յուլիսին Լոռիի մարզ կատարած այցելութիւններուն պատկերը, հոն կարգ մը համայնքներ վնասներ կրած են հեղեղումներուն պատճառով: Կառավարութեան կողմէ 5 համայնքներու պիտի յատկացուի 16 միլիոն դրամ` բնականոն կեանքը վերականգնելու համար: «Խնդիրը մեծ է, եւ ծրագրային մօտեցումը, զոր որդեգրած ենք նախարարներով, յառաջիկային պիտի ներկայացնենք կառավարութեան նիստին` ճշդելու, թէ ինչպէս կը պատրաստուինք հասցէական աջակցութիւն ցուցաբերել բնակիչներուն ու բնակավայրերուն», ըսած է Դաւիթ Լոքեան:

 

 

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Բանակցութիւնները Աշխուժ Ընթացքին Մէջ Են» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Պիտի Սկսին Արտադրուիլ Զինուորական Գիշերային Տեսանելիութեան Եւ Ջերմատեսիլ Սարքեր

RelatedPosts

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեանի Նկատմամբ Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Հոկտեմբեր 27, 2025
Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»
Հայկական

Թրամփ. «Փութին Ըսաւ, Որ Բոլորը Կը Փորձէին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնիլ, Սակայն Միայն Ես Յաջողեցայ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?