Իրաւարարութեան մնայուն դատարանը մերժեց Հարաւային Չինական ծովուն մէջ Փարսել կղզիներուն վրայ գերիշխանութեան Չինաստանի պնդումը եւ զօրակցեցաւ Ֆիլիփեան կղզիներու իրաւունքին:
Միջազգային դատարանը յայտնեց, որ նշեալ ծովային տարածքին ու անոր հարստութեանց վրայ Չինաստանի բացարձակ վերահսկողութեան վերաբերեալ որեւէ պատմական փաստ գոյութիւն չունի: Չինաստան վճիռը «ոչ հիմնաւորուած» նկատեց:
Չինաստան կը պնդէ, որ Հարաւային չինական ծովուն գրեթէ մեծամասնութիւնը, ներառեալ կղզիները կը պատկանին իրեն: Պնդում մը, որ այլ երկիրներ եւս կը կատարեն:
Վճիռը հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ծովու օրէնքի վերաբերալ ուխտին վրայ, զոր երկու երկիրներն ալ ստորագրած են: Վճիռը պարտադիր է, սակայն դատարանը անոր գործադրութիւնը պարտադրելու ուժ չունի:
Դատական հայցը ներկայացուած էր Ֆիլիփեան կղզիներու կողմէ:
Միացեալ Նահանգներ վճիռի արձակումէն առաջ օդանաւակիր մը ուղարկած էին վիճելի տարածք, ինչ որ չինական պետական «Կլոպըլ Թայմզ» օրաթերթը մղած էր խմբագրականի մը ճամբով բուռն կերպով հակազդելու` Միացեալ Նահանգներուն մարտահրաւէր կարդալով «զինուորական ճակատում»-ի պատրաստուելու:
Մինչ այդ` չինական ծովուժը ռազմափորձեր կը կատարէ վիճելի Փարասել կղզիներուն մօտ: