Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Հայկական Կողմը Պիտի Ձգտի Արժանապատիւ Խաղաղութեան Հասնելու

July 12, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sharmazanov_71116

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբերը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Հայաստանի համար անընդունելի է Ղարաբաղի որեւէ կարգավիճակ Ազրպէյճանի կազմին  մէջ:

«Ալիեւը կ՛ըսէ` Ղարաբաղը ոչ մէկ կարգավիճակով չի կրնար անկախ ըլլալ, պէտք է ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Մենք ալ կ՛ըսենք` բարեւ քեզ, նման բան չկայ, պարոն Ալիեւ, միտքէդ հանէ, որ Ղարաբաղը որեւէ կարգավիճակով կրնայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ: Այս է հիմնական հարցը», լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց Էդուարդ Շարմազանով:

Հարցին, թէ ի՛նչ նկատի ունի «արժանապատիւ խաղաղութիւն» ըսելով, արդե՞օք կարգավիճակի դիմաց Ղարաբաղի յարակից 5 շրջաններն Ազրպէյճանին յանձնելը նոյնպէս կը տեղաւորուի այդ սահմանումին մէջ, Շարմազանով պատասխանեց. «Ես կը կարծեմ, որ արժանապատիւ խաղաղութիւնը այն է, երբ որ մենք հասնինք այն նպատակին, որուն համար 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը դուրս եկած է Ստեփանակերտի փողոցները»:

Անոր փոխանցումով` բանակցութիւններով Ալիեւ ամէն գնով կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի տարածքային մաս դարձնել` առաջարկելով Նախիջեւանի կարգավիճակը. «Նախիջեւանը լաւագոյն օրինակն է, որպէսզի աշխարհը հասկնայ, որ Ղարաբաղը չի կրնար ըլլալ երկրորդ Նախիջեւան: Նախիջեւանի մէջ այսօր մէկ հատ հայ չէ մնացած, բոլորին աքսորեցին: Երկրորդը, Ազրպէյճանի ժողովուրդը, Ազրպէյճանի իշխանութիւնը նախ եւ առաջ նոյնիսկ հանդուրժող չեն հայկական մշակութային յուշարձաններու պարագային: Նոր Ջուղայի մէջ տեսաք ինչ տեղի ունեցաւ… անոնք անշունչ յուշարձանները, խաչքարերը կը քանդեն, եթէ շնչաւոր հայ տեսնեն, ի՛նչ կ՛ընեն»:

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի առաջնահերթութեան մասին, 9 յուլիսին, ՕԹԱՆ-ի գագաթնաժողովին ընթացքին  բարձրաձայնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան` շեշտելով, որ սթաթիւս քոն կը փոխուի, եթէ իրականացուի այդ սկզբունքը:

«Մեզի համար ամէնէն էական խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման հարցն է: Արցախի ժողովուրդը պէտք է իրաւունք ունենայ հանրաքուէի միջոցով որոշելու իր ճակատագիրը: Այս է հարցերուն հարցը», յայտարարեց Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբերը:

Նախորդը

Էրտողան Մերքելէն Պահանջած Է Հրապարակաւ Ետդարձ Կատարել Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Որոշումէն

Յաջորդը

Վրաստանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելած Է Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.