
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` չորեքշաբթի, 13 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, սերտելու համար ընտրական նոր օրինագիծերը: Պըրրի խորհրդարանը նոյն օրը հրաւիրեց նաեւ նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ պիտի գումարուի կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Միւս կողմէ, Պըրրի իր այցելուներուն ներկայութեան յոյս յայտնեց, որ քարիւղի թղթածրարին առումով սպիտակ մուխ բարձրանայ եւ հարցերը կը ստանան իրենց բնականոն ընթացքը:
Պըրրի վերահաստատեց, որ իր առաջարկած փաթեթային լուծումը` երկրին քաղաքական տագնապը իր բոլոր երեսներով լուծելու լուրջ քայլ մը կը նկատուի:
Խորհրդարանի նախագահը մաղթեց, որ օգոստոսի սկիզբը գումարուելիք եռօրեայ նիստերը արդիւնաւէտ ըլլան, հաստատելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը դարձեալ պիտի չերկարաձգուի, հետեւաբար հարկ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու լուծումը արագացնել:


