
Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութիւն ծրագիրի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումին մասնակցելու նպատակով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 11-12 յուլիսին կ՛այցելէ Քիեւ: Այդ մասին կը հաղորդէ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:


