«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան հարցումին պատասխանելով ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ ակնկալած է, որ ՕԹԱՆ-ի 8 յուլիսին Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ մէջ վեհաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ ըլլայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն` թուլացնելու լարուածութիւնը, զերծ մնալու բռնութենէն եւ միայն բանակցութիւններու ճամբով գտնել տագնապի խաղաղ լուծումը: Մենք պիտի աջակցինք տագնապի խաղաղ լուծման բոլոր ջանքերուն», ըսած է Սթոլթենպերկ: