
Ազրպէյճանական «Թրենտ.ազ» կայքը կը հաղորդէ, թէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով կը գտնուի Վարշաւիա, երէկ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ճէյմս Ուորլիքի, Փիեռ Անտրիէի, Իկոր Փոփովի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերեալ:


