Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը Քննարկելու Առիթ Է» Ըսաւ Ուորլիք

July 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Warlickcc

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք յայտնեց, որ Վարշաւիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը, որ երէկ սկսաւ իր աշխատանքներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու յաւելեալ կարելիութիւն մըն է:

Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրառած է. «Ճիշդ հիմա հասած եմ Վարշաւիա` մասնակցելու ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին: Ասիկա առիթ է շարունակելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին շուրջ քննարկումները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ»:

Մինչ այդ` ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր 7 յուլիսին Վարշաւիա ուղեւորութեան ընթացքին իր օդանաւին մէջ զրուցելով լրագրողներու հետ յայտնած է, որ Ռուսիոյ հետ ՕԹԱՆ-ի յարաբերութիւնները պիտի դառնան դաշինքի վեհաժողովի կեդրոնական թեման:

Փենթակոնի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ նախարարը յայտնած է. «Այս վեհաժողովի կեդրոնական թեման պիտի դառնայ ՕԹԱՆ-ի մօտեցումը Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն, մօտեցում, որ ուժեղ է եւ հաւասարակշռուած»:

«Ես այն (մօտեցումը) ուժեղ եւ հաւասարակշռուած նկատեցի, որովհետեւ ՕԹԱՆ-ը նաեւ կը շարունակէ աշխատիլ Ռուսիոյ հետ այնտեղ, ուր ատիկա կարելի է, եւ նախկինի նման բաց է Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան ընդլայնման համար, ինչպէս ատիկա պաղ պատերազմի աւարտէն ետք էր», կը կարծէ Փենթակոնի ղեկավարը:

Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին մէջ` Վարշաւիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին առիթով տուած իր յօդուածին մէջ Արեւմուտքին կոչ ուղղած է շարունակելու պատժամիջոցային քաղաքականութիւնը Ռուսիոյ նկատմամբ, մինչեւ այն ատեն, որ չեն կատարուած Մինսքի համաձայնութիւնները:

«Թէեւ մեր երկիրները բաց են Ռուսիոյ հետ կառուցողական յարաբերութիւններուն համար, մենք պէտք է համաձայնինք, որ Ռուսիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները պէտք է գործեն այնքան ատեն, որ տակաւին չեն կատարուած Մինսքի համաձայնութիւնները», գրած է Օպամա:

 

 

Նախորդը

Հակառակորդը Կրակ Բացած Է Ոսկեպար-Բաղանիս Ճամբուն Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Սթոլթենպերկ Կը Նախատեսէ, Որ ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովի Եզրափակիչ Յայտարարութեան Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Անդրադարձ Պիտի Ըլլայ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.