Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ողջունած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի կողմէ Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող նոր օրինագիծի ընդունումը:
«Ողջունելի է Ֆրանսայի կառավարութեան նախաձեռնած օրինագիծը, որ միաձայնութեամբ հաստատուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ` որուն համապատասխան փոփոխութիւններ պիտի մտնեն Ֆրանսայի Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան օրէնքին մէջ` քրէականացնելով ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը, եւ համապատասխանաբար նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` Հանրային պատկերասփիւռի Առաջին լրատուական ծրագիրի խնդրանքով մեկնաբանելով օրինագիծի ընդունումը:
«Յոյսով ենք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւս կը հաստատէ այս նախագիծը եւ ատիկա կը ստանայ օրէնքի ուժ, եւ այս քայլով Ֆրանսան եւս կարեւոր, արժէքաւոր քայլ կը կատարէ ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին մէջ», Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան անունով ըսած է Նալբանդեան: