
Երէկ գիշեր, «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2016-2017 տարեշրջանին զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ` Եւրոպայի տարածքին:
Առաջին մրցումին, Շիրակ, որ հիւրը եղաւ Տիլա Կորիի (Վրաստան), 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Հիւրընկալ խումբը իր կոլը նշանակեց 36-րդ վայրկեանին:
2-րդ մրցումին, Բանանց, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Օմոնիա Նիկոսիան (Կիպրոս), իր կարգին նոյն արդիւնքով պարտուեցաւ, երբ 26-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ իր բերդին մէջ:
Վերջապէս, Փիւնիկ, որ Ճիպրալթարի մէջ հիւրը եղաւ Եուրոփա խումբին, 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:
Կ՛ակնկալուի, որ դարձի մրցումներուն հայկական խումբերը ամէն գնով յաղթանակ արձանագրեն:


