
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ շաբաթ, 2 յուլիսին, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի Իտալիա – Գերմանիա մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ հունգարացի Վիքթոր Քասայ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պորտոյի մէջ:
Այս մրցաշարքին ընթացքին Քասայ եղաւ Ֆրանսա – Ռումանիա (2-1) եւ Իտալիա – Շուէտ (3-0) մրցումին կեդրոնի իրաւարարը:


