
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Էլըն Շիրըր իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ պատրաստ է գլխաւորելու Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը եւ ստանձնելու Ռոյ Հոճսընի պաշտօնը: Վերջինս քանի մը օր առաջ հրաժարեցաւ մարզիչի իր պաշտօնէն:
«Շուրջ 4-5 տարի առաջ, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պատասխանատուներուն ըսի, որ պատրաստ եմ ստանձնելու մարզիչի պաշտօնը, բայց ինծի ըսին` «փորձառութիւն չունիս»: Անոնց ըսի, որ կը նշանակէք փորձառու մարդիկ, անոնց կու տանք հսկայական գումարներ եւ այժմ կը տեսնենք արդիւնքը:
Այժմ պատրաստ եմ բանակցելու ֆետերասիոնին հետ` մարզիչի այդ պաշտօնին համար եւ ֆութպոլիստի իմ միջազգային փորձառութիւնս օգտագործելու` յօգուտ Անգլիոյ», ըսաւ Շիրըր:


