
Նիքոլա Հիկուային, որ Նափոլիի յառաջապահ Կոնզալօ Հիկուայինի եղբայրն ու անոր գործակատարն է, յայտնեց, որ ֆութպոլիստը չ՛ուզեր մնալ իր կազմին` Նափոլիի հետ եւ պիտի չերկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոր հրաժարագինին շուրջ տարակարծութիւններ կան:
«Նայինք ինչպէս պիտի համաձայնին երկու կողմերը` նկատի ունենալով, որ Կոնզալոյի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին: Կը յուսանք, որ յարմար լուծում մը կը գտնուի», ըսաւ Նիքոլա Հիկուային:
Նշենք, որ նախապէս Նափոլի Կոնզալօ Հիկուայինին առաջարկած էր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել մինչեւ 2020, տարեկան 6,5 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:


