Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՅԱՋՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ

September 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որմէ բացակայեցան նախարարներ Նիքոլա Նահհաս, Մոհամետ Սաֆատի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին մանրամասնութիւնները:

Նիստէն ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ քննարկուած են ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վերաբերող էական հարցեր: Ան դիտել տուաւ, որ քննարկումը եղած է գիտական բնոյթով, ինչպէս նաեւ մշակուած է աշխատանքի յստակ ծրագիր, որ պիտի ներկայացուի յաջորդ նիստին ընթացքին:

Իր կարգին, վարչական բարգաւաճման պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են ծրագիրին վերաբերող օրինական հարցեր` յստակացնելով այդ մարզին մէջ լիբանանեան պետութեան ճիշդ դերակատարութիւնը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին, որուն ընկերակցեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդ. Ուիսամ Հասան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ ձիթապտուղի ցանքով զբաղող երկրագործներն ու բանջարեղէնի առեւտուրով զբաղող շարք մը պատուիրակութիւններ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը զօրակցի արդիւնաբերական մարզերուն, յատկապէս` երկրագործութեան մարզին: Հանդիպումէն ետք Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ վարչապետին կատարուած այս այցելութեան նպատակն է շնորհակալութիւն յայտնել լիբանանեան պետութեան` երկրագործական արդիւնաբերութիւնը արտածելու բարգաւաճման ջանքերուն զօրակցելու իր պատրաստակամութեան համար:

Հաժ Հասան ըսաւ, որ երկրագործական արտադրութիւնները արտածող «Իտալ» հաստատութեան աշխատանքը բարելաւելու առումով կառավարութեան կողմէ նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը խիստ ողջունելի է:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապը: Քննարկուեցան երկրին կրթական ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախորդը

ՓՈԽԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ (Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20-ամեակի առիթով)

Յաջորդը

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ԵՐԱԶԱՆՔԻ ՕՐՆ Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.