
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի կայքը կը գրէ, որ աղօթքի ընթացքին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Հայաստանին եւ Թուրքիոյ հաշտութեան կոչ ուղղած է, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնած, որ Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի: «Թող Աստուած օրհնէ ձեր ապագան եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ ժողովուրդները հաշտութեան ուղիի վրայ կանգնեցնէ: Եւ թող խաղաղութիւն հաստատուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», պապին խօսքերը մէջբերած է կայքը: «Դիմելով Երիտասարդ սերունդին` Ֆրանչիսկոս պապը ըսած է. «Ապագան ձեզի կը պատկանի: Ձեր մեծերու իմաստութիւնը ամբարելով` խաղաղարարներ դառնալու կարելիութիւնը կ՛ունենաք. ոչ թէ սթաթիւս քոյի արձանագրողներ, այլ հանդիպման եւ հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ», կը գրէ կայքը` աւելցնելով, որ պապին այս խօսքերը արժանացած են ներկաներուն բուռն ծափահարութեան:

«Ռոյթըրզ» իր կարգին անդրադարձած է Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած խաղաղութեան աղօթքին` դարձեալ ուշադրութիւն հրաւիրելով այն հանգամանքին վրայ, որ պապը իր ուղերձին մէջ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն հաշտութեան կոչ ուղղած է: Գործակալութիւնը անդրադարձած է նաեւ պապի` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան կոչին` ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը յանգեցուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ փակ սահմաններու գոյութեան եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան:

«Էյ.Պի.Սի.նիուզ» կը գրէ, որ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ խաղաղութեան աղօթքին ընթացքին պապը անգամ մը եւս անդրադարձած է 20-րդ դարու սկիզբը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ կարեւոր նկատած յիշողութիւնը` նման ողբերգութիւնները հետագային բացառելու համար: «Յիշողութիւնը ի վիճակի է նոր եւ անսպասելի ուղիներ բանալ, ուր ատելութեան ծրագիրները կրնան վերածուիլ հաշտութեան ծրագիրներու, երբ բոլորին համար աւելի լաւ ապագայ ունենալու յոյս կը ծագի», պապին խօսքերը մէջբերած է կայքը` նշելով, որ Ֆրանչիսկոս պապը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է երթալու հաշտութեան ճամբով, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան յոյս յայտնած է:

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը եւս անդրադարձած է Հռոմի պապին մասնակցութեամբ խաղաղութեան աղօթքին` ընդգծելով, որ ատիկա պապի Հայաստան այցելութեան ընթացքին մեծագոյն միջոցառումն էր: Օրաթերթը կը նկատէ, որ Վատիկանի տուեալներով, Երեւանի մէջ խաղաղութեան աղօթքին մասնակցած է շուրջ 50 հազար մարդ: «Տէյլի մէյլ» եւս չէ շրջանցած պապի հաշտեցման կոչը հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն: «Հռոմի պապը Հայաստանին եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղեց հաշտուելու ու ըսաւ. «Թող Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւն ըլլայ», կը գրէ օրաթերթը:


