
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուրէտտին Ճանիքլի յայտնեց. «Ցաւալի է, որ Ֆրանչիսկոս պապը հայերու ջարդերը կ՛որակէ ցեղասպանութիւն»` աւելցնելով. «Ցաւալի է, որ պապականութեան եւ պապին արարքին մէջ կան խաչակրութեան մտայնութեան ոգին ու հետքերը»:
«Առարկայական յայտարարութիւն մը չէր եւ իրականութիւնը չարտացոլացուց, եւ այդ մէկը ամբողջ աշխարհը գիտէ, հայերն ալ գիտեն», ըսաւ ան:
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Ֆետերիքօ Լոմպարտի Ս. Էջմիածինի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արձագանգեց Թուրքիոյ փոխվարչապետին յայտարարութեան եւ ըսաւ. «Հռոմի պապը երկխօսութեան, խաղաղութեան կամուրջներ շինելու ուղիի մասին կը խօսի: Եթէ ոեւէ մէկը ուշադիր կը լսէ եւ կը կարդայ անոր ըսածը, ատոր մէջ ոչինչ կը գտնէ մեկնաբանելու իբրեւ «խաչակիրներու ոգի»:
«Ես կրնամ յորդորել ճիշդ կարդալ եւ ընկալել պապին ըսածն ու գրածը: Ես կը հասկնամ, որ խնդիրներու, լարուածութեան վերաբերեալ կան այլ պատկերացումներ, սակայն անոր ըսածը ժողովուրդներու միջեւ հիմքեր գծելուն ուղղուած է: Ան աղօթած է յանուն ատոր: Ան որեւէ խօսք չէ ըսած թուրք ժողովուրդին դէմ, ան խօսած է թուրքերուն եւ հայ ժողովուրդին միջեւ հաշտութեան մասին», նշեց Վատիկանի բանբերը:


