Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Լրատուամիջոցները` Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան Այցելութեան Մասին

Յունիս 27, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Turkish-press_62616

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստան այցելութեան լուրը հրապարակած է հետեւեալ վերնագիրով. «Անգամ մը եւս օգտագործեց այդ բառը»: Թերթը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ իր արտասանած խօսքին մէջ Հռոմի պապը շեղած է նախապէս պատրաստուած բնագիրէն եւ 1915-ի ողբերգութիւնը անուանած ցեղասպանութիւն: Օրաթերթը յիշեցուցած է, որ 2015-ին Վատիկանի մէջ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը դարձեալ օգտագործած էր «ցեղասպանութիւն» եզրը` ըսելով. «Հարիւրամեակի առաջին ցեղասպանութիւնը հայերուն հետ տեղի ունեցած է»: «Հիւրրիյէթ» գրած է, որ այդ դէպքէն ետք Թուրքիան տուն կանչած էր Վատիկանի մէջ իր դեսպան Մեհմեթ Փաչաճըն, որ միայն 10 ամիս ետք վերադարձած էր իր պաշտօնին:

«Միլլիյէթ» օրաթերթը պապի այցելութեան վերաբերող լուրը տուած է հետեւեալ վերնագիրով. «Մէկ տարի անցաւ…Պապը դարձեալ նոյնը ըրաւ»: Թրքական այս թերթը եւս արձանագրած է այն փաստը, որ կաթողիկէ աշխարհի հոգեւոր ղեկավարը անտեսած է նախապէս պատրաստուած բնագիրը եւ իր արտասանած խօսքին մէջ կիրարկած «ցեղասպանութիւն» եզրը:

«Հայաստան ացելած Ֆրանչիսկոս պապը դարձեալ 1915-ի դէպքերը որակած է իբրեւ ցեղասպանութիւն». ճիշդ այս տողերով լուրը հրապարակած է գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը` յիշեցնելով 2015-ին Վատիկանի մէջ պապին արտասանած խօսքը: Լրատուամիջոցը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ ասիկա Ֆրանչիսկոս պապի արտերկիր 14-րդ այցելութիւնն է, իսկ Հայաստանը դարձած է անոր առաջին կանգառը շրջանին մէջ: «Տէօչէ Վելլէ» յիշեցուցած է, որ սեպտեմբերին կ՛ակնկալուի պապին այցելութիւնը Վրաստան եւ Ազրպէյճան: Լրատուամիջոցը նշած է, որ այցելութեան ընթացքին ամէնէն ուշագրաւ հարցերէն մէկը այն է, թէ արդեօք Ֆրանչիսկոս պապը պիտի մեղմացնէ՞ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները:

«Հռոմի պապը երրորդ անգամ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը». այս մասին կը գրէ թրքական «Թի24» լրատուամիջոցը` նշելով, որ նախքան այցելութեան սկիզբը Վատիկանէն եկող ազդակները կը խօսէին այն մասին, որ այս անգամ Ֆրանչիսկոս պապը պիտի խուսափի ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելէ:

Թրքական այլ լրատուամիջոց մը` «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը մէջբերած է պապին խօսքերը. «Այդ ցեղասպանութիւնը դարձաւ անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու առաջին օղակը»: Լրատուամիջոցը նշած է, որ եզրին օգտագործումը տակաւին անցեալ տարի լարած էր Թուրքիա-Վատիկան յարաբերութիւնները: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» փաստած է, որ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին պապին արտասանած խօսքին Անգարան տակաւին որեւէ արձագանգ չէ տուած:

«Տիքեն» լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին պապը «Մեծ եղեռն» բառերէն ետք կիրարկած է «ցեղասպանութիւն» եզրը: Լրատուականը յիշեցուցած է, որ 2015-ին Վատիկանի մէջ պատարագի ժամանակ այդ եզրին օգտագործումէն ետք պապի խօսքերը քննադատած էին թէ՛ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, թէ՛ ալ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«Գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւն պապէն…Հակառակ բնագիրին մէջ չըլլալու հանգամանքին, պապը Հայաստանի մէջ ալ ըսաւ ցեղասպանութիւն», այսպէս լուրը հաղորդած է թրքական «Սապահ»-ը:

Պապի այցելութեան եւ ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործման հարցին նմանօրինակ հրապարակումներով անդրադարձած են նաեւ «Հապերլեր»-ը, «Ժազիրա»-ի թրքական ծառայութիւնը, «Պի.Պի.Սի.Թիւրք»-ը, «Էն.Թի.Վի.»-ն, «Ենի Շաֆաք»-ը, «Աքշամ»-ը եւ բազմաթիւ այլ լրատուամիջոցներ:

 

Նախորդը

Համանախագահները Սահմանին Վրայ Հետաքննութեան Համակարգին Շուրջ Համաձայնութեան Կոչ Կ՛ուղղեն

Յաջորդը

Միջազգային Լրատուամիջոցները` Պապին Հայաստան Այցելութեան Մասին

RelatedPosts

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?