«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) եւ Փիեռ Անտրիօ (Ֆրանսա) 24 յունիսին կոչ ուղղած են Արցախի տագնապի կողմերուն, որ յարգեն 16 մայիսին Վիեննայի մէջ եւ 20 յունիսին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ընդունուած միացեալ յայտարարութիւններուն մէջ արտացոլուած համաձայնութիւնները:
Համանախագահներու յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, որ վերացնեն վերջին խոչընդոտները, որոնք գոյութիւն ունին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի մնայուն ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի առաքելութեան ընդլայնման ճամբուն վրայ: Մենք նաեւ բանակցային հոլովոյթին մէջ եւ շփման գիծին վրայ հետաքննութեան համակարգ հաստատելու առաջարկին գծով յառաջխաղացք արձանագրելու կոչ կ՛ուղղենք: Մենք պիտի շարունակենք կողմերուն հետ մեր գործակցութիւնը` նախագահներուն միջեւ վերջին երկու հանդիպումներուն արդիւնքները յառաջ մղելու համար»: