Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Թուրքիոյ Մէջ Հայ Համայնքը Պատանդ Է»

June 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

badant_62216

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 21 յունիսին «Թերթ»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի Հայաստան այցելութեան եւ անոր կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ուղղուած նամակին, որուն մէջ ընդհանուր փոխանորդը նշած էր, որ մեծապէս կ՛ափսոսայ Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումին համար:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, Արամ արք. Աթեշեանի դէմ քայլ պէտք է առնեն ոչ թէ Հայաստանը կամ սփիւռքը, այլ` Թուրքիոյ հայ համայնքը, որովհետեւ ի վերջոյ Աթեշեանը համայնքին անունով կը խօսի:

«Երկրորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ մենք միշտ պէտք է նկատի ունենանք եւ չմոռնանք, որ Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքը պատանդ է: Արդեօք ատիկա կ՛արդարացնէ՞ այն, ինչ որ ըրաւ Աթեշեանը, իմ կարծիքովս` ո՛չ», նշեց Կիրօ Մանոյեան` նկատել տալով, որ ան առաջին եւ վերջին հոգեւորական ղեկավարը չէ, որ նման ճնշումներու ենթարկուած է, սակայն ուրիշներ աւելի սկզբունքային կեցուածք որդեգրած են:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին համաձայն, մենք դուրսէն պարզապէս պէտք է շեշտենք, որ ասիկա եւս փաստ է, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը պատանդ է:

«Կը կարծեմ, թէ ամէնէն ճիշդը պիտի ըլլայ այն, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, որուն համանախագահն է Արամ արք. Աթեշեան, շատ դրական արտայայտութիւն ունենայ Պունտեսթակի բանաձեւին մասին: Նման քայլ անհրաժեշտ է, որովհետեւ մենք այսօր ալ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ թուրքերը կ՛օգտագործեն անոր նամակը` Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացներուն դէմ», դիտել տուաւ Մանոյեան:

Անդրադառնալով Հռոմի պապին Հայաստան այցելութեան` Կիրօ Մանոյեան բաւական կարեւոր նկատեց զայն` հաստատելով, որ անիկա նաեւ քաղաքական անդրադարձներ պիտի ունենայ, քանի որ աշխարհին ուշադրութիւնը Հայաստանի վրայ պիտի սեւեռի:

«Շատ բան կախեալ է այն երեւոյթէն, թէ ի՛նչ պիտի ըսէ պապը, եւ եթէ խօսի Ցեղասպանութեան մասին, ատիկա մեծ օգտակարութիւն պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առումով», եզրափակեց Մանոյեան:

 

 

Նախորդը

Պոլսոյ Պատրիարքի Փոխանորդը Հայաստան Պիտի Չգայ

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգները Յորդորած Է 5 Միլիոն Տոլար Տրամադրել Արցախին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.