Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Պատրիարքի Փոխանորդը Հայաստան Պիտի Չգայ

June 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ateshian_62216

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը կը գրէ, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան վերադարձած է Պոլիս. ան չեղեալ նկատած է նախապէս ծրագրած այցելութիւնը Հայաստան` հաշուի առնելով իր անունին շուրջ ստեղծուած բացասական տրամադրութիւնները:

Արամ արք. Աթեշեան 15 յունիսին մեկնած էր Ռուսիա: Պատրիարքարանի կայքին վրայ հրապարակուած տեղեկատուութեան մէջ կը նշուէր, որ Ռուսիայէն ան պիտի անցնէր Հայաստան` մասնակցելու համար Ֆրանչիսկոս պապի այցելութեան ծրագիրներուն:

Սակայն Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստին առնչութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին յղած իր նամակին առնչութեամբ բողոքի լայն ալիք բարձրացած էր Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան մօտ: Հայաստանի մէջ սկսած էր նախաձեռնութիւն մը, որուն անդամները դէմ էին Աթեշեան արքեպիսկոպոսի Հայաստան այցելելուն:

«Ժամանակ» կը գրէ, որ հաշուի առնելով այս տրամադրութիւնները` պատրիարքական փոխանորդը որոշած է չեղեալ նկատել իր Հայաստան այցելութիւնը` խուսափելու համար պապի այցելութեան օրերուն հաւանական անախորժ երեւոյթներէն:

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը` Հայաստան Այցելութեան Մասին. «Կու Գամ Իբրեւ Ուխտաւոր Թաթխուելու Ձեր Ժողովուրդին Հնագոյն Իմաստութեան Մէջ»

Յաջորդը

Մանոյեան. «Թուրքիոյ Մէջ Հայ Համայնքը Պատանդ Է»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ`  Տեղական Ինքնակառավարման  Ընտրութիւններու Հետ Կապուած
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած

September 17, 2026
Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.