
Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ երէկ սկսաւ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն համահայկական համաժողովը, որուն կը մասնակցին աւելի քան 500 ներկայացուցիչներ 53 երկիրներու հայ համայնքներէն:
Համաժողովին կը մասնակցէին նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Համաժողովի բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` նշելով, որ համաժողովը 10 միլիոն հայերու զօրութեան խորհուրդը ունի: «Կը հաւատամ, որ Հայաստան, Արցախ, սփիւռք միասնութիւնը կրնայ լեռներ շարժել: Աւելի՛ն. որոշ լեռներ արդէն շարժած են»:
Սփիւռքի հոգեւոր, ինչպէս նաեւ քաղաքական կառոյցներու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն ընթացքին խօսեցան 20-ամեայ անկախ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող մտահոգիչ խնդիրներուն մասին:
Առանձնապէս սուր էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ելոյթը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ փտածութեան եւ արտագաղթին` վերջինս որակելով «ներքին արիւնահոսութիւն»: Ըստ վեհափառին, Հայաստանէն արտագաղթը նոյն թափով կը շարունակուի եւ կ՛ակնկալուի, որ այս ահազանգը արձագանգ գտնէ Հայաստանի իշխանութեան եւ հայրենաբնակ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ: «Մեր թշնամին Հայաստանը ուզեց տեսնել առանց հայութեան: Այսօր մենք մեր ձեռքերով կը պարպենք Հայաստանը իր ժողովուրդէն, իր ստեղծագործ ոգիէն, իր որակէն: Իսկ անհրաժեշտ է, որ փտածութիւն կոչուող հիւանդութեան արագ ընթացքը, այլ խօսքով` փոքրամասնութեան տնտեսական յղփացած վիճակը եւ անոր դիմաց մեր ժողովուրդի կենցաղային խեղճ պայմանները արագօրէն բարեփոխութեան ենթարկուին: Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ այս վատառողջ երեւոյթներուն նկատմամբ», ընդգծեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Իշխանութիւնները քննադատող ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` նշելով, որ անկախութեան 20 տարիներէն ետք իշխանութիւնները ժողովուրդին կը հրամցնեն հայրենիք մը, ուր գոյութիւն ունի աղքատութիւն, անգործութիւն, անարդարութիւն, ընկերային անապահովութիւն, արտօնեալ քրէական խաւի սանձարձակութիւն, հայրենիք մը, որմէ կը շարունակեն անխնայ հեռանալ:
Մարգարեան աւելցուց, որ ընկերային բեւեռացման այս ծայրայեղ պայմաններուն մէջ կարելի չէ խօսիլ համերաշխութեան, միասնականութեան եւ համախոհութեան մասին: Ըստ անոր, դժուար է առաջին հայեացքէն սիրել հայրենիքը, որ թաղուած է փտածութեան մէջ, ուր կը տիրէ անարդարութիւն եւ ազգային հարցերու մէջ շփոթ: «Այլ խօսքով` մեր երկրին մէջ տիրող իրավիճակը կրնայ սպաննել մեր մէջ գտնուող հայրենասիրութիւնը», շեշտեց Հ. Մարգարեան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ քաղաքական դաշտին, որ արհեստականօրէն բեւեռացուած է եւ որուն զոհը հասարակ ժողովուրդն է:
Հրանդ Մարգարեան համախմբուելու կոչ ուղղեց: «Բաժան-բաժան մնալով մենք կ՛երկարաձգենք բեւեռներու կեանքը, որ եթէ կեանք է իրենց համար, մահ է` ըստ էութեան», ընդգծեց Մարգարեան:
Համաժողովի մասնակիցներէն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ համաժողովին ընթացքին դրուած հարցերուն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք քաղաքական կամք կը տեսնէ՞ իշխանութիւններուն մօտ` պայքարելու փտածութեան դէմ, Քեն Խաչիկեան յայտնեց, որ ինք դժբախտաբար որեւէ քաղաքական կամք չի տեսներ, չի տեսներ անկեղծ յանձնառութիւն այս իշխանութիւններուն մօտ խնդիրը լուծելու համար: Ան նշեց, որ այս յանձնառութիւնը չկար նաեւ նախորդ իշխանութեանց մօտ: Ըստ անոր, փտածութիւնը տնտեսութեան մէջ կը ծաղկի եւ անկէ աւելի շատ կը տուժէ հասարակ ժողովուրդը: Ան ամօթալի նկատեց, որ այս վարչակազմը կը մերժէ պայքարիլ փտածութեան դէմ: Քեն Խաչիկեան ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարի ձախողումը կը նպաստէ տնտեսութեան թուլացման, իսկ արտագաղթը կը խարխլէ երկրին հզօրութիւնը:
Ըստ անոր, Հայաստանի իշխանութիւնները կը կարծեն, որ սակաւապետական համակարգը կարեւոր է տնտեսութեան համար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է Հայաստանի մէջ սեփական գործ բանալ եւ զարգացնել զայն, Խաչիկեան արձագանգեց, որ կարելի է միայն այն պարագային, երբ սակաւապետներուն շահերը չեն վտանգուիր:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան` Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ նոր արկածախնդրութեան պարագային Հայաստան պիտի չվարանի հակառակորդին կրկին խաղաղութիւն պարտադրելու հարցին մէջ:
Ըստ անոր, Հայաստան բաց է բանակցութիւններ կատարելու, բաղդատմամբ Պաքուի, որ բոլոր հիմնարար սկզբունքներէն կը կիրարկէ միայն երկուքը եւ ատիկա ալ` սեփական մեկնաբանութեամբ: Նախարարը նշեց, որ Պաքու կը կիրարկէ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ այդ ծիրին մէջ կ՛արժէ նշել, որ Ղարաբաղի շարք մը շրջաններ կը գտնուին Ազրպէյճանի շրջափակման ներքեւ:
Անդրադառնալով բանակցային հոլովոյթին, ան յայտնեց, որ Ազրպէյճան չյաջողեցաւ իրագործել իր անիրատեսական պատրանքները եւ քարիւղային եկամուտներէն առած գումարները գործօն դարձնել ի նպաստ իրեն, տագնապի լուծման համար:


