Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

September 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստը` վարչապետարանին մէջ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը 4:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան հանրային փոխադրութեան վերաբերող հարցեր:

Նիստին ընթացքին հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի ներկայացուց ամբողջական ծրագիր մը, որ կը վերաբերէր հանրային փոխադրութեան մարզի բարելաւման, որուն վերաբերեալ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս առարկութիւններ կատարեց:

Կառավարութեան նիստին սկիզբը վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ Ռաս Նապաայի ոճիրին` նկատել տալով, որ այդ ահաւոր ոճիրին մասին հետաքննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է եւ այդ հետաքննութեան արդիւնքները անպայման պիտի փոխանցուին հանրային կարծիքին:

Անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայ նստաշրջանին Լիբանանի նախագահութեան` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ այդ իրականութիւնը արտակարգ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Լիբանանի համար` աւելցնելով, որ ինք պիտի նախագահէ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին:

Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան:

Կառավարութիւնը վաղը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ այլ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանին վերակառուցման մանրամասնութիւնները:

ՄԻՔԱԹԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Վարչապետ Միքաթի կը նախագահէ փոխադրութեան ծրագիրին վերաբերող նիստին

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ կէսօրին նախագահեց այլ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի, ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէ, ցամաքային փոխադրութեան մարզի վարորդներու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլայս, ինչպէս նաեւ փոխադրակառքերու վարորդներու սենտիքայի նախագահ Շաֆիք Քասսիս:

Հանդիպումէն ետք Արիտի կատարեց յայտարարութիւններ, որոնց մէջ նկատել տուաւ, որ նիստը շատ դրական եղած է` աւելցնելով, որ ինք ներկայացուցած է ծրագիր մը, որուն շուրջ կարելի է քննարկումներ կատարել եւ ապա յարմարագոյն վիճակին մէջ որդեգրել:

Նաժտէ իր կարգին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է պենզինի թիթեղին սակը վերածել 25,000 լ. ոսկիի, իսկ մազութինը` 20,000 լ. ոսկիի, որպէսզի վերջ տրուի քաղաքացիներուն բողոքներուն:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին եւ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Մուսթաֆա Թուֆիք:

 

 

Նախորդը

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԻՍՏԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ՎԱՂՈՒԱՆ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.