
«ՓանԱրմինիըն» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան` Սարսանգի ջրամբարին վերաբերեալ ազրպէյճանցիներու կազմակերպած ստորագրահաւաքին ի պատասխան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ուղղեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն անյապաղ սկսելու բանակցութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող տարածքներու` Ազրպէյճանի վերադարձի եւ Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման վերաբերեալ:
«Մենք աջակցած ենք եւ պիտի աջակցինք մարդասիրական հարցերու քննարկման: Ատկէ մէկն է Սարսանգի ջրամբարի ղեկավարման ու սպասարկման հարցը: Մենք կ՛ողջունենք ջրային հարստութեանց հարցերով մասնագէտներու հանդիպումը` ջրային հարստութեանց եւ ամբարտակներու կարգաւորման հարցերը քննարկելու նպատակով: Մինսքի խմբակի համանախագահները պատրաստ են օգնելու այդպիսի հանդիպում կազմակերպելու հարցին մէջ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:


