
Աֆղանիստանի մէջ միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերու կազմին մէջ ՕԹԱՆ-ի առաքելութեան մասնակցելու նպատակով 12 յունիսին հայ խաղաղապահներու 56 հոգիէ բաղկացած ստորաբաժանումը մեկնած է Գերմանիա:
Աֆղանիստան տեղակայուելէ առաջ հայ խաղաղապահներու զօրախումբը Գերմանիոյ մէջ պիտի մասնակցի միամսեայ վերապատրաստութեան դասընթացքներու եւ նախատեղակայման վարժանքներու:
 
			

