
Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի «Յատկապէս կարեւոր գործերու» քննութեան գլխաւոր վարչութեան նախաքննութեամբ քննուող քրէական գործով երէկ ձերբակալուած են Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան պետական առողջապահութեան գործակալութեան պետ Սարօ Ծատուրեանը, Երեւանի քաղաքային կեդրոնի պետ Արսէն Սեդրակեանը, գործակալութեան բժշկական ծառայութիւններու գնման եւ տեղեկատուական բաժինի նախկին պետ Սամուէլ Խարազեանը: Ինչպէս «Արմենփրէս»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն, անոնք կը մեղադրուին պաշտօնական դիրքը չարաշահելու յանցանքով: Հայաստանի քննչական կոմիտէի «Յատկապէս կարեւոր գործերու» քննութեան գլխաւոր վարչութեան նախաքննութեան մէջ կը շարունակուին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակիցներու կողմէ 2012-2014-ին¬ առողջարանային կեղծ ուղեգիրներ պատրաստելու եւ իրացնելու դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:
Ձեռք բերուած ապացոյցներով տեղի ունեցող դատավարական որոշումներու մասին պիտի հրապարակուի աւելի ուշ:


