Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էրտողանի Գերմանիա Մուտքը Պէտք Է Արգիլուի» Կ՛ըսէ Տաղտելեն

June 14, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dagdelen_61316

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ոստիկանութիւնը խստացուցած է Պունտեսթակի` թրքական ծագում ունեցող 11 երեսփոխաններուն անվտանգութիւնը: Պատճառը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումէն ետք անոնց դէմ սպառնալիքներու եւ վիրաւորանքներու թիւին աճն է:

Գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկեմայնէ Սոննթակցայթունկ» շաբաթաթերթը կը գրէ, որ Պերլինի ոստիկանութիւնը, Դաշնակցային խորհուրդի ոստիկանութիւնն ու Դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութիւնը խնդիրին վերաբերեալ որոշում տուած են երեսփոխաններուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին:

Աւելցուած է Ճեմ Էօզտեմիրի տան շուրջ հսկողութիւն կատարող ոստիկաններուն թիւը:

«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ կառավարութեան տեղահանուածներու եւ գաղթի հարցերով նախարար Այտան Էօզօղուզ Գերմանիոյ մէջ գործող թրքական ընկերութիւններուն յորդորած է յստակ դիրքորոշում ցուցաբերել` ընդդէմ թուրք ծագում ունեցող երեսփոխաններուն նկատմամբ սադրանքներուն: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ Գերմանիոյ թրքական կազմակերպութիւնները բացայայտ կերպով քննադատեն երեսփոխաններուն դէմ ուղղուած սպառնալիքները: Արդէն ամէն մարդ պէտք է հասկնայ, որ մենք տէր կը կանգնինք մեր ծագումին, սակայն մենք Թուրքիոյ` դէպի այստեղ մեկնած ձեռքը չենք», ըսած է Էօզօղուզ:

Ձախերու կուսակցութենէն երեսփոխան Սեւիմ Տաղտելեն «Պիլ ամ Սոննթակ» շաբաթաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը մէջ անհրաժեշտ նկատած է, որ արգիլուի  Էրտողանի մուտքը Գերմանիա: «Թուրքիայէն Գերմանիոյ դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխաններուն դէմ բռնութեան դիմելու կոչ հնչեցնող անձի մուտքը Գերմանիա պէտք է արգիլուի: Ներառեալ նախագահ Էրտողանին մուտքը», ըսած է ան:

 

Նախորդը

«Այնքան Ատեն Որ Էրտողանն Է Ղեկավարը, Թուրքիան Եւրոպական Միութեան Անդամ Պիտի Չդառնայ» Կ՛ըսէ Էօզտեմիր

Յաջորդը

Զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.