Ան ո՛չ հաստատած է, ո՛չ ալ հերքած այն տեղեկութիւնը, թէ բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան Նիւ Եորքի մէջ:
«Ես պիտի չմեկնաբանեմ: Սակայն սովորաբար երկիրները, որոնք կ՛ուզեն վերականգնել յարաբերութիւնները, ատիկա կ՛ընեն աստիճանաբար, քայլ առ քայլ, չէզոք տարածքի մէջ», ըսած է Տիոն:
Քանատա Իրանի հետ յարաբերութիւնները խզած էր 2012-ին` Թեհրանը մեղադրելով Սուրիոյ զէնք մատակարարելու, ինչպէս նաեւ` մշակելուն համար հիւլէական ծրագիր մը, որ «սպառնալիք կը ներկայացնէ միջազգային ընտանիքին»: Քանատա փակած է Թեհրանի մէջ իր դեսպանատունը եւ տուն կանչած իր դիւանագէտները: