
Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին, երկուշաբթի, 6 յունիս 2016-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին վարժարանի «Ճանպազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մազի նուիրահաւաք»:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Պոյաճեան-Գարայեան: Ան ըսաւ, թէ` «Վարժարանի տնօրէնութիւնը` աշակերտներուն փափաքին ընդառաջելով` կազմակերպեց սոյն ձեռնարկը. աշակերտները ուզեցին բաժնեկցիլ իրենց օրհնութիւնները եւ իրենց մազերը նուիրելով` ժպիտ մը պարգեւել այն մանուկներու դէմքին, որոնք զուրկ են կարգ մը օրհնութիւններէ»:
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի վարսայարդարներէն Յովիկ Սոմունճեանին, Վրէժ Թիւմպէրեանին եւ Վիգէն Հանտեանին, որոնք կամաւորաբար ներկայացան կտրելու եւ ձեւաւորելու աշակերտներուն մազերը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Յակոբ Փեհլիվանեանին եւ Քենտիրճեան եղբայրներուն, որոնք աշախատեցան ձեռնարկին յաջողութեան համար:
Այնուհետեւ «Cross Talk» բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչը նկարներու ընկերակցութեամբ ներկայացուց կազմակերպութեան նպատակը, որ կ՛աշխատի քաղցկեղէ տառապող հիւանդներու օգտակար հանդիսանալ:
Ապա վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց աշակերտներուն անձնուէր արարքը եւ քաջալերեց բոլոր աշակերտները` հետեւելու անոնց օրինակին:
Ան ներկաներուն ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է հանդիսանայ դրական փոփոխութիւն գործադրող տարր մը` իր շրջանակին մէջ: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ` «Շատերուս համար` պարզապէս մազ կրնայ ըլլալ բայց ուրիշներուն համար յոյսի աղբիւր»:
Այնուհետեւ վարսայարդարները կտրեցին եւ ձեւաւորեցին 23 աշակերտներու մազեր: Կտրուած մազերու փունջերը յանձնուեցան «Cross Talk» բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կամաւորներուն եւ գնահատեց սոյն իւրայատուկ ձեռնարկը:


