
Ապրիլ ամիսը կը մօտենար, երբ աշակերտներու միտքին մէջ կար այն գաղափարը, որ անպայմանօրէն իրենց յառաջիկայ շարադրելիք նիւթերէն մէկը պիտի ըլլար Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անգամ մը եւս պիտի կարդացուէին նահատակ գրագէտներու գրութիւնները, պիտի արձագանգէր արհաւիրքը վերապրողներու յիշողութեան, վրիժառուներու փաղանգը պիտի տողանցէր իւրաքանչիւրիս մտահորիզոնին մէջ, դարձեալ մեր երակներուն մէջ` խայտալու համար այն բարձրագոռ աղաղակով, որ ամսուան անունին հոմանիշը պիտի դառնար յարատեւ պայքարը` մեր սուրբ Դատին:
Այո՛, յարատե՛ւ պայքար, մեր գոյատեւման ու ինքնութեան պարտադրումի բո՛ւռն պայքար, որ սահմանուած է ըլլալու մեր յաւերժութեան բազկերակը, այն համոզումով, որ թշնամին երբեք պիտի չփոխէ բնաջնջման իր վաղեմի «մաշած» ծրագիրը` շարունակ սպառնալիք կարդալով հայու ճակատագիրին, մոռնալով սակայն, որ մեր երդուեալ քաջարի ասպետները տիւ ու գիշեր արթուն պահակն են հայաշխարհին, որպէսզի խաղաղութիւնը անխախտ մնայ մեր երկնակամարին:
Եդուարդ Պոյաճեանի մէկ հատուածի ընթերցումը, ուր կը նկարագրուին իր ծննդավայրը, լեռնցիի խիզախութիւնն ու հողի պաշտամունքը, պարուրեցին ԺԱ. դասարանի աշակերտները, որոնց հայեացքները ճառագայթեցան իրենց պապենական հողի կարօտով:
Ստորեւ աշակերտական մտորումներէն հատուածներ…
ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Հայրենի հողը ներշնչարանն է մարդուն, որուն կը հայթայթէ ուժ ու կենդանութիւն. կը պայքարի ան` հայրենասիրական իր բռնկումներով եւ հայրենի հողը պարուրած կ՛արժանանայ անմահութեան պսակին:
ՄԵՂԵԴԻ ԿԻՒՏԷՇԵԱՆ
Բնութիւնը կը նոյնանայ մարդուն հետ. ձեւով մը բնութիւնը կը դառնայ անոր խորհրդանիշը. պէտք է լաւապէս ճանչնալ բնութեան պարգեւած հարստութիւնը, պահել ու պաշտպանել, որպէսզի առաւել ծաղկի ու գեղեցկանայ:
ՇԱՆԹ ԼԱԳԻՍԵԱՆ
Հայրենի բնութիւնը ինծի համար հմայքի ու գեղեցկութեան անգերազանցելի ճշմարտութիւնն է, ներշնչման աղբիւրը` գերբնական ուժի: Մարդ պէտք է ապրի լուսածաղկ հողին վրայ, քանզի հայրենիքը այն ոսկեծին հայելին է, ուր անոր եթերային խորութեան մէջ արշալոյսի յոյսն ու կամքը կը ցոլան:
ՄԱՐԻԱ ՀԱՊԷՇԵԱՆ
Հայու աննկուն հաւատքով ու հաւաքական պայքարով կը վերածուինք մէկ բռունցքի, որովհետեւ մեր հողը կը պաշտպանուի այդ ձեւով, որպէսզի ապահովուին մեր գոյատեւումն ու հզօրութիւնը:
ՍՕՍԷ ԳԱՐԻԿԵԱՆ
Հայը խորհրդանշող զանազան նկարագրելի միջոցներ կան, որոնց մէջ հիմնականը հողն է. հողը սրբութիւն է ու զօրութիւն:
ՅԱՐՈՒԹ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հողը բարձր կը պահէ մեր հաւաքական գիտակցութիւնը, մանաւանդ երբ մեր տքնաջան աշխատանքին արդիւնքն է ու կը վայելէ մեր հոգատարութիւնը: Հայը միշտ պատրաստ է անոր պաշտպանութեան` ապահովելու համար իր գոյատեւումն ու յաւերժութիւնը:
ՍԱՐԵԼ ՉԱՓԱՐԵԱՆ
Մենք այն ժողովուրդն ենք, որ գիտենք մեր զգացումները, մեր էութիւնը սնուցանել հողէն, որովհետեւ յաղթանակը կու գայ, երբ հողին ուժը կը շրջի մեր արեան հետ:
ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ժողովուրդ մը գոյատեւելու համար պէտք է ունենայ իր սեփական հողը, որովհետեւ հոնկէ կը ստանայ իր ուժը. նոյնիսկ կ՛անարգէ մահը, որովհետեւ ինք դարձած է անմա՛հ մարտիկը:
ԶՈՒԱՐԹ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Հայրենի հողի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակը կը դառնայ խիզախ հերոս, որուն ժառանգորդները կը տարածեն անոր ազնիւ մտածումներն ու գաղափարախօսութիւնը: Յաղթանակը երբեք չէ տրուած, այլ կեանքի գնով խլուած ու պաշտպանուած է թշնամիին ճիրաններէն:
ՍԻԼՎԱ ՔԷՕՀԻՒԼԵԱՆ
Մուսալեռցիի զաւակ ըլլալով, պապենական հողի կարեւորութիւնը արժեւորելով` մեր արմատներէն կը ստանանք մեր գոյապայքարի հզօրութիւնը: Մեր երազներուն կը ձուլուի այն հողը, որ մեր պապերուն քրտինքով ու մշակութեամբ դարձաւ բերրի. բայց վստահ եմ, որ թշնամիին մշակները արշալոյսի շողերը չեն կրնար հրաւիրել հունձքին վրայ, որովհետեւ արեան կաթիլներ կը հոսին անոնց եաթաղանէն:
ԿԱՐԷՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
Հողի ու մարդու միջեւ անպայմանօրէն ամրապնդուած է այն կապը, որ հայրենասիրական ապրումներու զարթօնքն է: Հաւաքական ջանքերով կը շարունակէ կեանքը հողին, նաեւ` մարդուն, որ տէրն է այդ տարածութեան: Անկախ ու խաղաղ հայրենիքի մը համար հողը կը դառնայ հանգստավայր մը, իսկ մարդը` անոր մնայուն պաշտպանն ու տէրը:
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԱ ՔԻՒՍՊԷԿԵԱՆ
Հողը զոհողութեամբ կը պահուի, հողը կը զօրացնէ ու կ՛ամրապնդէ մեր ինքնավստահութիւնը: Հողէն սնած ու հողին համար իրենց կեանքը նուիրած են մեր հերոսները, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը ձգած են պատմութեան մէջ: Մենք դասեր կը քաղենք պատմութենէն ու գրականութենէն` վստահ ըլլալով, որ մի՛շտ ալ պիտի գան նորեր ու շարունակուի մեր երթը:
ՆԱՐԷ ՊԱԹՈՒԶԵԱՆ
Հայրենի հողը կ՛ապրեցնէ նոյնի՛սկ իր մեռած զաւակները, որոնք պիտի յիշուին մնայուն կերպով: Մենք կ՛ապրինք մեր դաշտերուն պէս կանաչապատ երազներով, ժայռերուն պէս` խստապահանջ, պաշտպանելու համար մեր իրաւունքը, հասնելու համար ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումին:
ԴՐՕ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Ազգը կը պահպանէ իր արժէքներն ու ինքնութիւնը, երբ իր ոտքին տակ կը պահէ իր հայրենի հողը: Պատերազմի ընթացքին կը խախտի խաղաղութեան օրէնքը, զօրաւորը կը յաղթէ. հողատէրը մնայուն կը պայքարի իր հողի պաշտպանութեան համար:
ՑՈԼԵՐ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
Սէրն ու կարօտը, քաջութիւնն ու պահանջատիրութիւնը կը սահմանեն «հող» բառի բացատրութիւնը. այն ազնիւ մտածումները, որոնք կը զօրացնեն հայրենիք-ժողովուրդ կապը, պատմութիւնը` հինէն դէպի նոր, գեղեցկութիւնը բնութեան, նաեւ անդրադարձ մը հայութեան գոյատեւումին` թշնամիին յարձակումներուն դէմ:
ՍՕՍԷ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Հայկական հողը հայ ժողովուրդին սեփականութիւնն է. կ՛ապրի ան այդ հողին վրայ, կը մշակէ, կը զարգացնէ, կը միաձուլուի անոր ուժին հետ եւ կեանքի գնով կը պաշտպանէ զայն թշնամիին յարձակումներէն:
ԱՆԻ ԳԱԼՈՇԵԱՆ
Երկիր մոլորակը իր խորացած արմատներով կ՛աճի ու կը ծլարձակի ժողովուրդի աշխատանքին շնորհիւ: Այս հողը կը նմանի փոքրիկի մը, որ մնայուն խնամքի կը կարօտի, երիտասարդի մը, որ ուշադրութիւն կ՛ուզէ գրաւել, ազատամարտիկի մը, որ կեանքի ու մահուան պայքար կը մղէ: Հայրենի հողը հայո՛ւն կը պատկանի:
ՍԱԳՕ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Հայրենիքի համար նահատակութիւնը պարտականութենէ աւելի հպարտանք է: Ազատամարտիկներու ջանքով մենք ունինք մեր ազատ ու անկախ պետականութիւնը, կը պաշտպանենք զայն ու դէմ կը դնենք թշնամիին յարձակումներուն: «Մահը հայրենի հողին վրայ անմահութիւն է, յաւիտենական կեանք», կը գրէ Եդուարդ Պոյաճեան:
ԱՌՈՒԱԿ ՇԱՆՆԱԳԵԱՆ


