Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Կարեւոր Կը Նկատենք Եւ Աշխուժ Կերպով Պիտի Մասնակցինք» Ըսաւ Աղուան Վարդանեան

June 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aghvan_61016Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան յայտարարած է, որ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի մասնակցիլ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

«Այո՛, մենք կը պատրաստուինք մասնակցիլ Գիւմրիի եւ Վանաձորի յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Յատկապէս Գիւմրիի մէջ մենք ունինք շատ ուժեղ տարածքային կառոյց եւ կը պատրաստուինք մասնակցիլ ինչպէս Գիւմրիի, այնպէս ալ Վանաձորի ընտրութիւններուն», նշած է Մ. Մելքումեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՛ւ թեկնածութիւնը պիտի առաջադրուի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու յառաջիկայ ընտրութիւններուն` Մելքումեան ըսած է, որ այդ մասին տակաւին որոշում չէ տրուած:

Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին յայտարարած է նաեւ Դաշնակցութիւնը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշած է, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն այս ընտրութիւնները եւ պատրաստ են աշխուժ կերպով մասնակցելու անոնց: Դաշնակցութիւնը եւս տակաւին չէ որոշած, թէ որո՛ւ թեկնածութիւնը պիտի պաշտպանէ, սակայն Վարդանեան նկատել տուած է, որ իրեն համար աւելի կարեւոր է, որ համայնքին ղեկավարը ըլլայ սրտցաւ, ազնիւ, համայնքին մասին մտածող անձնաւորութիւն, եւ ոչ թէ անպայման կուսակցական:

Նշենք, որ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր 2016-ին: Առաջին անգամ ըլլալով այս քաղաքներուն մէջ ընտրութիւնները պիտի կատարուին համամասնական ընտրակարգով:

 

 

Նախորդը

Թրքական Արմատներով Գերմանիոյ Նախարարը Կը Պաշտպանէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Զօրակցելու Որոշումը

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Կ՛ունենայ Պրիւքսէլի Անձնաւորութիւններուն Հետ

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.