Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Արմատներով Գերմանիոյ Նախարարը Կը Պաշտպանէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Զօրակցելու Որոշումը

June 11, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aydan_61016

«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ գաղթականութեան ու համարկումի հարցերով  նախարար Այտան Էօզօղուզ, որ թրքական արմատներ ունի, գերմանական «Տէօյչէ Վելլէ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած գաղթականներու վերաբերող համաձայնագիրի հաւանական առկախման մասին:

Լրագրողը շեշտեց, թէ գերմանաբնակ թուրքերուն մէկ մասը հպատակութիւն չունենալու պատճառով չի կրնար ուղղակիօրէն մասնակցիլ քաղաքական կեանքին ու յոյսը կապած է թուրք երեսփոխաններուն, սակայն 2 յունիսի քուէարկութենէն ետք այդ թուրքերը հիասթափութիւն ապրեցան: Այս դիտարկումին հակազդելով` Էօզօղուզ ըսաւ. «Ըստ ինծի, մենք` իբրեւ երեսփոխաններ, արտայայտեցինք մեր տեսակէտները: Ոմանք չմասնակցեցան քուէարկութեան, ոմանք ալ նոյնիսկ ելոյթ չունեցան: Կը հասկնանք, որ թուրքերուն համար ասիկա զգացական հարց է, բայց անկարելի է ակնկալել, որ բոլորը պէտք է նոյն տեսակէտը պաշտպանեն: Այս բանաձեւը վաւերացուեցաւ երկարատեւ ուսումնասիրութիւններէ եւ քննարկումներէ ետք: Կրնաք տարբեր կարծիքներ ունենալ, կրնաք քննադատել, սակայն ճիշդ չէ սպառնալ ու վիրաւորել բոլոր այն անձերը, որոնք հակառակը կը կարծեն»:

Լրագրողը Էօզօղուզին հարցուց, թէ ան ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը եւ այդ զարգացումին լոյսին տակ ինչպէ՞ս պիտի դասաւորուի գաղթականներու համաձայնագիրի հետագայ ճակատագիրը:

Էօզօղուզ ըսաւ, որ Գերմանիա իր կեցուածքը չէ փոխած համաձայնագիրին նկատմամբ, սակայն այժմ դժուար է ըսել, թէ Թուրքիա ի՛նչ կը պատրաստուի ընելու իր պարտաւորութիւններուն գծով:

Նախորդը

Պոլսոյ Պայթումին Պատասխանատուութիւնը Կը Ստանձնէ «Քիւրտիստանի Ազատութեան Բազէներ» Խմբակը

Յաջորդը

«Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Կարեւոր Կը Նկատենք Եւ Աշխուժ Կերպով Պիտի Մասնակցինք» Ըսաւ Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.