Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԱԿ-Ի ԼԻԻՐԱՒ ԱՆԴԱՄԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՓՈՐՁԸ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՏՆՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ

September 19, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ «ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստանալու (պաղեստինցիներուն) փորձը ձախողութեան պիտի մատնուի` շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու եւ շարք այլ երկիրներու ջանքերուն»: Ան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ պաղեստինցիներուն ստանալիք զօրակցութիւնը անկարեւոր նկատեց` նշելով, որ Ընդհանուր ժողովը միջազգային կազմակերպութեան խորհրդարանն է եւ նուազ կարեւոր է, քան Ապահովութեան խորհուրդը, որ ՄԱԿ-ի կառավարութիւնն է:

Նեթանիահու կիրակի օր իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Նիւ Եորք պիտի մեկնի` մասնակցելու համար Ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացումին` հետապնդելով երկու նպատակ, առաջինը` Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պաղեստինցիներու ջանքերուն դէմ դնելու եւ բացատրելու, թէ անոր թիրախը դէմ առ դէմ բանակցութիւններն են, իսկ միւսը` Իսրայէլի վերաբերեալ հարցերու ճշմարտութիւնը ներկայացնելու եւ «այս հողերուն վրայ անոր պատմական իրաւունքները հաստատելու»` նշելով, որ Իսրայէլ արաբական աշխարհին դիմակայած փոթորիկին ի տես պէտք է խաղաղութեան եւ ապահովութեան կարեւորութիւնը շեշտէ:

Պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Նեպիլ Շաաթ «Սաութ Ֆըլըսթին» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր  հարցազրոյցին ընթացքին թերագնահատեց պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութեանց հարցով քառանդամ յանձնախումբի Նիւ Եորքի մէջ ժողովը` յայտնելով, որ «պաղեստինցի ժողովուրդը սպառնալիքներ չ՛ընդունիր եւ իր հայրենիքը քանի մը տոլարի համար չի ծախեր»:

Ան յայտնեց, որ ամերիկացի պատուիրակներ Տենիս Ռոս եւ Տէյվիտ Հիլ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին սպառնացած են իշխանութեան նիւթական օժանդակութիւնները դադրեցնել:

Պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սայէպ Օրէյքաթ շաբաթ օր ամերիկեան վարչակարգին կոչ ուղղած էր Ապահովութեան խորհուրդին մէջ պաղեստինեան դիմումի քննարկումին ընթացքին վեթօ չօգտագործելու` զգուշացնելով, որ այդ մէկը երկու պետութիւններ լուծումին տապալումը պիտի նշանակէ:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութիւնը առ ի պատրաստութիւն  պաղեստինեան պետութեան հռչակման մշակած է արտակարգ եւ տրամաթիք ծրագիր մը, որ իսրայէլեան ոստիկանութեան լայն իրաւասութիւններ կու տայ` իսրայէլեան հողամասերուն վրայ բիրտ ցոյցերու մասնակցող որեւէ արաբ կամ հրեայ հարցաքննելու:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթընի բանբերը շաբաթ օր յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը տեղեակ պահուած է պաղեստինեան ուղղուածութենէն, սակայն կը կարծէ, որ խաղաղութեան բանակցութիւններուն առաջնորդող «շինիչ լուծում» մը միակ լուծումն է: ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Սիւզըն Ռայս իր կարգին նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրութենէն ի վեր երկու պետութիւններու լուծման ուղղութեամբ կ՛աշխատի եւ ատոր համար մէկ ճամբայ կայ` բանակցութեան սեղանին վրայ դէմ առ դէմ նստելով քննարկել վիճելի հարցերը:

Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տենի Այալոն շաբաթ օր յայտարարած էր, որ Ապպաս ոչ միայն խաղին օրէնքը կը փոխէ, այլ նաեւ` ինքնին խաղը: «Իսրայէլ գիտէ ինչպէ՛ս հակադարձել, եւ այսուհետեւ պիտի կարենայ իր շահերը պաշտպանել առանց սահմանափակումի կամ զիջումի, որոնք ներառուած էին նախկին համաձայնութեանց, ներառեալ` Օսլոյի համաձայնութեան մէջ»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ Ֆրանսա պաղեստինեան պետութեան ճանաչման հարցով իր պատասխանատուութեան տէր պիտի կանգնի` նշելով, որ «Ֆրանսայի կեցուածքը հիմնուած է երեք կէտերու վրայ, որոնք են բանակցութիւնները յառաջ մղելու կարելիութեան պահպանումը, Նիւ Եորքի մէջ դիւանագիտական ճակատումէ մը խուսափումը եւ պաղեստինեան պահանջին նկատմամբ եւրոպական միասնական կեցուածքի մը պահպանումը»:

Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր իր կարգին նշեց, որ Քանատա դէմ է Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան:

 

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԻՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԱՌԵՑՆԷ, ԵԹԷ ԿԻՊՐՈՍ ԱՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏԱՆՁՆԷ

Յաջորդը

«ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՇՐՋԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՅՔԱՅԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՍԱՏ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.