Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Որոշ Փուլի` Լեռնային Ղարաբաղ Պիտի Մասնակցի Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Իկոր Փոփով

June 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

popov_60816

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման որոշակի փուլի, օրինակ` շրջանակային համաձայնութեան հասնելէ ետք, նկատի պիտի առնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան կարելիութիւնը բանակցային հոլովոյթին:

«Ինթըրֆաքս»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով: «Իրօք, այս փուլին ղարաբաղցիները պաշտօնական կերպով բանակցութիւններուն չեն մասնակցիր: Սակայն այս նիւթին մեծ ուշադրութիւն կ՛ընծայուի համանախագահներուն հանդիպումներուն ընթացքին թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Կը կարծեմ, թէ բանակցութիւններու որոշ փուլի, օրինակ` շրջանակային համաձայնութեան ձեռքբերումէն ետք նկատի կ՛առնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան կարելիութիւնը բանակցային հոլովոյթին», ըսած է ան:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու թիւի յաւելումին` Փոփով շեշտած է, որ երբեմն-երբեմն այս նիւթը կ՛արծարծուի լրատուական դաշտին մէջ եւ աշխուժ կերպով քննարկումի նիւթ կ՛ըլլայ քաղաքական հանրութեան կողմէ: «Սակայն ո՛չ կողմերու հետ մեր «եռեակի» բանակցութիւններուն ընթացքին, ո՛չ ալ միւս միջնորդներուն հետ յարաբերութիւններուն ատեն համանախագահներուն թիւը բարձրացնելու նախաձեռնութիւնը չէ առաջադրուած: Ի վերջոյ, կարգաւորման համաձայնութիւն ձեռք բերելը կախեալ չէ համանախագահներուն թիւէն, այլ միայն փոխզիջումի հասնելու կողմերու պատրաստակամութենէն», յայտարարած է Փոփով:

 

Նախորդը

Սալամ Ընդունեց ՀՅԴ-ի Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Պոլսոյ Պատրիարքի Փոխանորդը Էրտողանին Իր Ափսոսանքը Յայտնած Է Պունտեսթակի Որոշումին Համար

RelatedPosts

Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Օրուան Առիթով

September 23, 2026
Ֆիտան. «Որոշեցինք Իսրայէլի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւնները  Ամբողջովին Խզել, Մեր Օդային Տարածքը  Փակեցինք Անոր Օդանաւերուն Առջեւ»
Գլխաւոր լուրեր

Ֆիտան. «Թուրքիան Ու Միացեալ Նահանգները Կ՛աջակցին Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթին»

September 23, 2026
«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.