Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Պատրիարքի Փոխանորդը Էրտողանին Իր Ափսոսանքը Յայտնած Է Պունտեսթակի Որոշումին Համար

Յունիս 9, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ateshian_60816

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը դատապարտող նամակ յղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը որոշումը դիմաւորած է «խոր ափսոսանքով»:

«Իբրեւ Թուրքիոյ հայ համայնք, որոշումին վերաբերեալ մեր խոր ափսոսանքը կը յայտնենք ձեր պատուաւոր վարչակազմին», կ՛ըսուի նամակին մէջ:

Աթեշեան արքեպիսկոպոսը յայտարարած է, թէ պատրիարքարանը կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները թրքական պետութեան նկատմամբ եւ երկրի հայ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն կարծիքը կ՛արտայայտէ:

Ան նաեւ նշած է, որ իրադարձութիւններուն ժամանակ Գերմանիոյ դերին ընդամէնը «քանի մը նախադասութեամբ» անդրադառնալն ու Օսմանեան Թուրքիան իբրեւ կատարուածի միակ մեղաւորը ներկայացնելը «վիճելի հարց է` բարոյագիտական տեսակէտէ»: Պատրիարքի փոխանորդին կարծիքով, յստակ չէ, թէ Պունտեսթակի որոշումը որքանո՛վ կ՛արտայայտէ Գերմանիոյ ժողովուրդին կարծիքը:

«Ակօս» թերթի խմբագրութիւնը անդրադառնալով հարցին նամակ մը յղած է պատրիարքի փոխանորդ Աթէշեան սրբազանին: Նամակին մէջ այլ պատասխաններու կողքին, կ՛ըսուի. «Յարգելի՛ արքեպիսկոպոս, ձեր` «այս ողբերգական իրադարձութիւններու մէջ Գերմանիոյ կայսրութեան բացասական դերը երկու տողով թեթեւակի ներկայացնելը» խօսքէն կը հասկնանք, որ դուք անոր իմաստը չէք ընկալած: Այս հարցին մէջ Գերմանիոյ կայսրութեան` ուղղակիօրէն մեղսակից ըլլալու մասին յայտարարուող բովանդակութեան 80 առ հարիւրը Գերմանիոյ պատմութեան հետ առերեսուելու մասին է»: «Ակօս» անդրադառնալով Արամ արք. Աթէշեանի նամակի բոլոր կէտերուն` պատասխանած է բուռն կերպով քննադատութիւններ ուղղելով անոր:

Միւս կողմէ, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան մեկնաբանելով Արա արք. Աթէշեանի նամակը ըսած է. «Օրեր առաջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը շնորհակալական նամակ ուղղած է Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահին` Գերմանիոյ ժողովուրդին փոխանցելով Հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին երախտագէտ զգացումները: Սակայն այս պարագային գործ ունինք Թուրքիոյ եւ անոր վարած քաղաքականութեան հետ: Երբեք չփորձելով արդարացնել ոեւէ մէկը` միաժամանակ նշեմ, որ չենք բացառեր հարկադրանքի պարագան»:

Նախորդը

«Որոշ Փուլի` Լեռնային Ղարաբաղ Պիտի Մասնակցի Բանակցութիւններուն» Կ՛ըսէ Իկոր Փոփով

Յաջորդը

Հոլանտայի Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

RelatedPosts

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու  Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին
Հայկական

ՔՊ-ականները Դէմ Քուէարկեցին Արցախցիներու Վերադարձի Իրաւունքը Պահանջող Բանաձեւին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ  Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը
Հայկական

Ըստ Ազրպէյճանական Իշխանամէտ Կայքի Մը. Ալիեւ Մերժած Է Երեւան Այցելելու Հրաւէրը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?