
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պերլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը Ռուսիան կը նկատէ իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամի լուծման գործին մէջ Ռուսիոյ դերը կառուցողական է:
«Մենք Ռուսիոյ հետ ունինք շատ կառուցողական, շատ բարեկամական յարաբերութիւններ… Մենք Ռուսիան կը նկատենք իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, Ռուսիոյ գործելակերպը լիովին կը համապատասխանէ ատոր», ըսած է Ալիեւ:
Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման գործին մէջ Ռուսիոյ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ դերը «շատ կառուցողական է»:
Մերքել իր կարգին յայտնած է. «Ռուսիան, ի հարկէ, վճռորոշ դեր կը խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ: Այստեղ մենք պիտի օգտագործենք մեր շփումները, որպէսզի աջակցինք Ռուսիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններուն` լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը»:


