Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փ. ՄԱՆՃԵԱՆ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՆԻՍՏԸ ԲԱՑԱՌԻԿ ԷՐ` ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿԵՆՑԱՂԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԴՐԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ԱՌՈՒՄՈՎ»

September 17, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան վերջին նիստը եղած է բացառիկ` տարբեր տեսակէտներ փոխանակելու եւ ժողովուրդին առօրեան յուզող հարցերը լրջօրէն քննարկելու առումով: Ան նկատել տուաւ, որ քննարկուած են քաղաքացիներուն կենցաղին վերաբերող դրական նորութիւններ ներկայացնելու հեռանկարները:

Փ. Մանճեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է նաեւ վառելանիւթի եւ հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներուն հարցը` նկատել տալով, որ այդ ինքնաշարժներու վարորդներուն տրուելիք ամսական 12,5 թիթեղ պենզինի օժանդակութիւնը, որ ելեւմուտքի նախկին նախարար Ռայա Հասանի լուծումն էր, ժամանակաւոր կերպով պիտի կիրարկուի, որովհետեւ խորքին մէջ անիկա վարորդներուն հարցին հիմնական լուծումը չի նկատուիր:

Փ. Մանճեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է նաեւ հանրութեան փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներուն նոր ինքնաշարժներ տրամադրելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրած տուրքերը, մաքսատան հարկային պարտաւորութիւնները եւ արձանագրութեան յատուկ գումարները զանց առնելու կարելիութիւնները:

Փ. Մանճեան ցաւ յայտնեց, որ երկրին մէջ արձանագրուած որեւէ անձնական հարց կը վերածուի քաղաքական բնոյթ կամ ենթահող ունեցող հարցի` աւելցնելով, որ ինք ապահով կը զգայ կառավարութեամբ, ապահովութեան ուժերուն դերակատարութեամբ եւ լիբանանցիներուն գիտակցութեամբ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել շրջանը հարուածող փոթորիկը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ կատարուած ցեխարձակումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Փ. Մանճեան ըսաւ. «Թէեւ ես անձնական ծանօթութիւն չունիմ Ռայի պատրիարքին հետ, սակայն կը կարծեմ, որ եթէ մէկը անոր ըսելիք ունի, ապա պէտք է ժամադրութիւն խնդրէ եւ իր մտահոգութիւնները փոխանցէ անոր: Վերջերս մենք վկայեցինք հանրապետութեան միւֆթիին, լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարին, հանրապետութեան նախագահին եւ Ռայի պատրիարքին դէմ ցեխարձակումներ, որոնք խստիւ դատապարտելի են, որովհետեւ անոնք կատարուած են երկրին ազգային խորհրդանիշներուն դէմ: Ո՛չ ոք կրնայ իր կարծիքն ու տեսակէտը պարտադրել Ռայի պատրիարքին վրայ, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ ամբողջ Լիբանանը», հաստատեց Մանճեան:

Մանճեան իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն գիտակցելու այս հանգրուանին վտանգներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններէն պահանջեց վերջ տալ իրարու դէմ լարուածութիւն հրահրող յայտարարութիւններուն` պահպանելու համար Լիբանանն ու անոր ապահովական կայունութիւնը:

 

 

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՐՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.