Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍԱՐՔՈԶԻ ԹԻՖԼԻՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱ՞ՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ

September 17, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մամուք Արեշիծէ

Կովկասի հարցերով վրացի փորձագէտ Մամուք Արեշիծէ վրացական «Ալիա» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ օտարերկրեայ բարձրաստիճան հիւրերը Վրաստան կ՛այցելեն յատուկ նպատակներու համար, եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի ու ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն նախատեսուած այցելութիւնները եւս կրնան կապուած ըլլալ այդպիսի կարեւոր պահու մը հետ:

«Մենք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ նպատակով կը ժամանէ Սարքոզի, սակայն փորձառութենէ մեկնելով` գիտենք, որ ան սովորաբար կարեւոր պահերու ժամանած է, եւ ըստ երեւոյթին, հիմա եւս մեր իշխանութիւններուն հետ զրոյցը տեղի պիտի ունենայ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունեցող խնդիրներու շուրջ, իսկ Ռասմուսենի նպատակը այդ զրոյցը շարունակելը պիտի ըլլայ»:

Արեշիծէ համոզուած է, որ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ, փոփոխութիւններ պիտի սկսին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ: Ըստ անոր, այդ այցելութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի, ինչպէս նաեւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հիմնահարցերը, ուժանիւթի, քարիւղի խողովակաշարերու եւ հաղորդակցութեան առնչուող խնդիրները: Իսկ ատոր համար անոնց պէտք է յենարան մը, որ Թիֆլիսն է», կը պարզաբանէ փորձագէտը:

Ըստ անոր, Արեւմուտքը բազմիցս մատնանշած է Վրաստանի մէջ ժողովրդավարութեան պակասը: Սակայն իշխանութիւնները ատիկա անարձագանգ ձգած են:

«Մեր կառավարութեան անկանխատեսելի ներքին քաղաքականութիւնը Արեւմուտքի շահերուն համար սպառնալիք կը ստեղծէ: Անոնք տեղեակ են իշխանութեան տարբեր շերտերուն միջեւ ճակատումի գոյութեան մասին, եւ որպէսզի այդ ճակատումը քաղաքացիական տագնապի չվերածուի եւ ողբերգութեան պատճառ չդառնայ, բացառուած չէ, որ այդ նիւթը եւս քննարկուի Սարքոզիի այցելութեան ընթացքին», ըսած է Արեշիծէ:

 

 

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԻՐ ՓԱՓԱՔԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ

Յաջորդը

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԵԱՀԿ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.