Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քամերոն. «Թուրքիան 3000 Թուականէն Առաջ Եւրոպական Միութեան Անդամ Պիտի Չդառնայ

Մայիս 23, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Cameron_52216

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն բրիտանական «Այ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիան 3000 թուականէն առաջ Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի չդառնայ, եթէ պահպանուի միութեան անդամակցելու բանակցութիւններուն ներկայ կշռոյթը:

«Հեռանկարին մէջ ոչինչ կը խօսի այն մասին, որ Թուրքիան մօտ օրէն պիտի դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Անոնք դիմումը ներկայացուցած են 1987-ին: Եւ յառաջընթացի ներկայ արագութեան պահպանման պարագային, անոնք, հաւանաբար, միացման պահուն պիտի հասնին մօտաւորապէս 3000 թուականին, եթէ հաւատանք ամէնէն վերջին կանխատեսումներուն»:

Քամերոնի յայտարարութիւնը հնչած է Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով 23 յունիսին նախատեսուած հանրաքուէի քարոզչական արշաւի թէժ պահուն: Այդպիսով, վարչապետը` Պրիւքսէլի հետ ներկայ յարաբերութիւններուն պահպանման կողմնակից ըլլալով մեկնաբանած է Պահպանողական կուսակցութենէն գործընկեր Փենի Մորտոնթի խօսքերը. վերջինս կառավարութեան մէջ կը վարէ պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը: Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դէմ եղող ճամբարը ներկայացնող քաղաքական գործիչը նախապէս ըսած էր, որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի դառնայ յառաջիկայ 8 տարուան ընթացքին, եւ Բրիտանիան ոչինչ կրնայ ընել զայն խանգարելու համար:

«Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու արշաւի ներկայացուցիչները իրենց յայտարարութիւններով մոլորութեան մէջ կը ձգեն», ըսած է Քամերոն` Մորտոնթի բառերը նկատելով «արմատապէս սխալ»: «Բրիտանիան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան որեւէ այլ երկիր, ունի այլ երկրի` միութեան միանալու հարցին մէջ արգելքի իրաւունք», ըսած է ան:

Նախապէս Քամերոն յոռետեսութեամբ արտայայտուած էր Թուրքիոյ քաղաքացիներուն առանց մուտքի արտօնագիրի Եւրոպական Միութեան տարածք մուտք գործելուն վերաբերեալ` յայտարարելով, որ Լոնտոն պիտի չաջակցի այդպիսի քայլին, եւ որովհետեւ Բրիտանիան Շենկենի գօտիէն դուրս է եւ առանձին կ՛իրականացնէ հսկողութիւնը սահմանին, Թուրքիոյ պիտի չառաջարկէ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն:

 

Նախորդը

«Հայկական Օր»` Անտոնեան Միաբանութեան Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Եւ Պերլին Լուրջ Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Թուրքիոյ Մէջ Ժողովրդավարութեան Քայքայման Առնչութեամբ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?