Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԻՄԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ-ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

September 16, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման կը դիմաւորուի Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին եւ Ռայի պատրիարքին կողմէ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Տիման, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:

Նախագահ Սլէյման ուղղաթիռով հասաւ Տիման, ուր դարձաւ Ռայի պատրիարքին ճաշի հիւրը:

Ապա նախագահ Սլէյման Ռայի պատրիարքին հետ ունեցաւ 45 վայրկեան տեւած հանդիպում մը, որուն միացաւ նաեւ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքը:

Նախագահ Սլէյման հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին Ֆրանսա կատարած այցելութիւնը յաջող կը նկատուի:

Պատասխանելով Ռայի պատրիարքին դէմ արձանագրուած կեցուածքներէն պատրիարքը պաշտպանելու մասին հարցումի մը` նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը պաշտպանի կարիք չունի` աւելցնելով, որ անոր բոլոր տեսակէտները կը ծառայեն Լիբանանի շահերուն:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը իբրեւ Արեւելքի քրիստոնեաներու պատասխանատու հոգեւոր պետ իր մտավախութիւնները փոխանցած է Ֆրանսայի նախագահին եւ ըստ այնմ անդրադարձած է Միջին Արեւելքը պետութիւններու բաժնելու եւ զայն քրիստոնեաներէն պարպելու ծրագիրներուն:

Յետմիջօրէին Քաննուպինի հովիտին մէջ գտնուող պատրիարքներու զբօսայգիին մէջ Ռայի պատրիարքը նախագահեց մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյման, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի եւ երեսփոխաններ Սթրիտա Ժահժահ ու Էլի Քէյրուզ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով անձնաւորութիւններ:

Ռայի պատրիարքը իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց Լիբանանի գոյատեւման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանան պէտք է գոյատեւէ իբրեւ պատգամ երկիր, որպէսզի կարենայ օժանդակել իր արաբ եղբայրներուն գոյատեւման` քաջալեր հանդիսանալով երկխօսութեան, բարեկարգումի գործադրութեան եւ ազատութեանց ու իրաւունքներու պահպանման:

Պատարագէն ետք նախագահ Սլէյման, Ռայի պատրիարք եւ Սֆէյր նախկին պատրիարք բացումը կատարեցին Եուսեֆ Ըսթֆեն եւ Ռայի պատրիարքներուն արձաններուն:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԷՅԼԱ ՍՈԼՀԸ ԵՒ ՔՈՆԵԼԼԻՆ

Յաջորդը

ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ ՔԱՐՎԱԼԻՕ ՄԷԿ ՏԱՐԻՈՎ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԵՑԱՒ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.