Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԱՆՍԱԼ ՎԱՐՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ

September 16, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուիլիըմզ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ընդունեց հանրութեան ցամաքային  փոխադրութեան յատուկ վարորդներու սենտիքայի պատասխանատուները:

Մինչեւ արշալոյս տեւած հանդիպումին իբրեւ արդիւնք սենտիքաներն ու համադաշնակցութեան պատասխանատուները որոշեցին ջնջել գործադուլը, որ պիտի սկսէր առաւօտեան ժամը 6:00-ին եւ պիտի տեւէր մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը:

Հանդիպումին ընթացքին որոշուեցաւ յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ վարորդներուն կողմէ վճարումի պահանջները յանձնել ելեւմուտքի նախարարութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ նիւթական այդ պարտաւորութիւնները ամբողջացնել, երբ խորհրդարանը վաւերացնէ այդ դրութիւնը:

Այս ծիրին մէջ որոշուեցաւ նաեւ, որ յառաջիկայ երկուշաբթի, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարուի նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Միքաթիի եւ ներկայութեամբ փոխադրութեան հարցերու, ելեւմուտքի եւ ներքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներուն ու համադաշնակցութեան պատասխանատուներուն: Նիստին ընթացքին պիտի շարունակուին քննարկումները:

Միւս կողմէ, ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէ երէկ կէսօրին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթի խոստացած է կատարել իրենց պահանջները` աւելցնելով, որ այդ

պահանջներուն գործադրութիւնը արգելակող որեւէ խոչընդոտի պարագային

Միքաթի պիտի ստանձնէ պատասխանատուութիւնը եւ լուծումներ գտնէ անոնց:

ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Վարչապետ Միքաթի երէկ բացումը կատարեց դրամատնային, ճարտարարուեստական, զբօսաշրջական եւ տնտեսական ներդրումներու արաբական խորհրդաժողովին, որ կը վայելէր իր հովանաւորութիւնը:

Իր խօսքին մէջ Միքաթի ըսաւ, որ երկրին քաղաքական, տեղեկատուական, տնտեսական եւ մշակութային այլազանութեան մարզերուն մէջ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան առումով Լիբանանի ցուցաբերած յանձնառութիւնը կը փաստէ Լիբանանի գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթ կու տայ, որ լիբանանցիները կառչած մնան այդ ճշմարտութիւններուն:

Միքաթի ընդգծեց, որ ինք վարչապետի իր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու ընթացքին արդէն համոզուած էր, որ Լիբանան պիտի կարենայ շրջանցել այս հանգրուանը: Ան շեշտեց, որ ինք լաւապէս կ՛ըմբռնէ, թէ Լիբանան շրջանցած է մեծ տագնապներ` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մշակելու տնտեսական-բարգաւաճման ծրագիր մը, որուն հիման վրայ արաբական ներդրումները իր վրայ կեդրոնացնէ` բարելաւելու համար երկրին արդիւնաբերութիւնը եւ նուազեցնելու համար երկրին պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը:

Այս ծիրին մէջ վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը կրցած է շրջանցել դժուարութիւնները եւ վաւերացնել ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը` մաղթելով, որ անոր վաւերացումը առիթ մը ստեղծէ գործադրելու նաեւ այլ ծրագիրներ, ինչպէս` վառելանիւթի եւ կազի հանքերու պեղումը:

Անդրադառնալով արաբական աշխարհին մէջ ներկայիս տիրող կացութեան` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան  անշեղ կը մնայ ոչ մէկ երկրի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու իր կեցուածքէն` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը տիրական է եւ ընդգծելով, որ կառավարութիւնը կը հսկէ երկրին ապահովական եւ տնտեսական կայունութեան:

Միքաթի յաջողութիւն մաղթեց խորհրդաժողովին:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` նկատի ունենալով, որ Ուիլիըմզ իր առաքելութիւնը աւարտած է Լիբանանի մէջ:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Նախկին երեսփոխաններու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով խօսք առաւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Միշել Մաալուլին:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին իրենք Միքաթիին ներկայացուցած են լիկային պարտականութիւնները եւ ունենալիք դերակատարութիւնը` երկրին բարգաւաճման մէջ:

Մաալուլի նշեց նաեւ, որ իրենք իբրեւ լիկայ իրենց կարողութիւնները դրած են վարչապետին տրամադրութեան տակ:

 

 

Նախորդը

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼՐԱՂԱՑՆԵՐՈՒ ՏԷՐԵՐԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԷՅԼԱ ՍՈԼՀԸ ԵՒ ՔՈՆԵԼԼԻՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.