«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելի 15 մայիսին Կապալայի մէջ (Ազրպէյճան) յայտարարած է, որ Վրաստան կը զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:
Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու չորրորդ եռակողմանի հանդիպումը տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հրաւէրով:
«Վրաստան կը զօրակցի Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծան: Մենք կը զօրակցինք շրջանի խաղաղութեան, հանգստութեան եւ երկարաժամկէտ զարգացման», ըսած է Խիտաշելի` հանդիպումին արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: